Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, սուրիական «Ճամահիր» թերթը հաղորդեց, որ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Ասորի ուղղափառ համայնքի Ն. Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարք եկեղեցական արարողութիւն մը նախագահեց եւ Մար Պըթրոս Քասսիս Հալէպի Ասորի ուղղափառ համայնքին առաջնորդ ձեռնադրեց։
Նորօծ առաջնորդը փոխարինեց սուրիական տագնապի տարիներուն ընթացքին առեւանգուող առաջնորդ Իւհաննա Իպրահիմը։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող ասորիներու «Մար Աֆրամ» եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, կառավարական մարմիններու եւ հաւատացեալներու բազմութեան։

Լուսանկարները՝ Հայկ Ուրֆալեանի