Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Իրաքի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան Սաթթամ Ճատաան Տանտահին միջոցով շնորհաւորական նամակ յղեց Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ճամալ Ռաշիտին՝ Իրաքի նախագահ ընտրուելուն առիթով։ Նախագահ Ասատ իր ձեռագիր նամակին մէջ յաջողութիւն մաղթեց Իրաքի նախագահին, իսկ Իրաքի Հանրապետութեան՝ բարգաւաճում եւ խաղաղութիւն։