Ուրուկուէյի Արեւելեան Հանրապետութեան Ծերակուտականներու պալատը յայտարարութեամբ դատապարտած է Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք

Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը յայտարարութեան մէջ նշուած է.

Նկատի առնելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու սրացումը եւ Հայաստանի տարածքի Ատրպէյճանի ռմբակոծումները՝

Ուրուկուէյի Արևելեան Հանրապետութեան Ծերակուտականներու պալատը յայտարարած է.

Իր դատապարտումը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի ներխուժումին առնչութեամբ,

Իր համերաշխութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին զոհ հանդիսացող հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի՝ այդ ազգութեան քաղաքացիներուն՝ ազդուած մարդկային կեանքերու կորուստով,

Իր մտահոգութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ճնշումի եւ զինուորական բախումներու առնչութեամբ,

Հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուորականներուն կողմէ իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւններու մասին բազմաթիւ արձանագրութիւններու առկայութեան բերումով կը պահանջէ ամբողջական եւ անաչառ հետաքննութիւն, ինչպէս արծարծուած է ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ, ի թիւս այլոց,

Կը մերժէ սպառնալիքի եւ ուժի կիրառումը՝ որպէս տարաձայնութիւններու լուծման միջոց,

Յոյս կը յայտնէ, որ երկու երկիրներու միջեւ երրորդ երկիրներու միջնորդներու ներգրաւումով մեկնարկած դիւանագիտական բանակցութիւնները թոյլ կու տան համաձայնութեան հասնելու՝ միջազգային իրաւունքի կիրարկումին վրայ հիմնուած եւ կ’ապահովեն երկու երկիրներու միջեւ տեւական խաղաղութիւն՝ նկատի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը,

Կը յորդորէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պահպանելու լիարժէք հրադադար՝ հիմնուած 2020_ի Եռակողմ յայտարարութեան վրայ եւ վերականգնելու երկխօսութեան ուղին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ եւ այլ համաձայնութեան ուղիներով, միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ եւ երաշխաւորումով՝ ՄԱԿ-ի սկզբունքներու համաձայն, ինչպէս արտայայտուած է մեր արտաքին յարաբերութիւններու նախարարութեան կողմէն 14/9/22-ի հաղորդագրութեամբ»։