Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ռուս-սուրիական ժողովներու 5-րդ շրջանի ծիրէն ներս, սուրիական «Ամանա» Բարգաւաճման Կազմակերպութեան, Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան եւ ռուսական Գիտական Ակադեմիայի Մշակոյթի Պատմութեան Հիմնարկին միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ՝ Փալմիրի մէջ «Յաղթանակի Կամար»ը վերականգնելու համար։