«Դրօշակի» ընթերցողը համացանցի վրայ արդէն կրնայ ընթերցել պարբերականի հոկտեմբերեան թիւը։ Հետեւելով գլխաւոր իրադարձութիւններու ընթացքին պաշտօնաթերթի հերթական թիւը հիմնականօրէն նուիրուած է Հայ-Ատրպէյճանական, հայ-թրքական փոխյարաբերութիւններուն եւ անոնց շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Սոյն թուականի Հոկտեմբերին Փրակի եւ Աստանայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու եւ անոնց հետեւանքներու նիւթը կը քննուի հոկտեմբերեան թիւի Առաջնորդողին մէջ, ինչպէս եւ քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեանի վերլուծական յօդուածին մէջ։

Ընթերցողներու ու քաղաքական, քաղաքագիտական շրջանակներու մօտ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէ թարգմանաբար ներկայացուող իրանական ԻՌՆԱ գործակալութեան հարցազրոյցը միջազգային իրաւունքի եւ եւրասիական հարցերու փորձագէտ Ահմատ Քազէմիի հետ։ Հարցազրոյցի բնոյթի մասին պատկերացում կը փոխանցէ վերջինիս խորագիրը «ՆԱԹՕ-ի Թուրանական Միջանցքը․ ՆԱԹՕ-ի եւ Միջազգային Սիոնիզմի Դաւադրութիւնը Ընդդէմ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի»։

Իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան «Դրօշակ»ի ընթեցողին կը ներկայացնէ 13 Սեպտեմբեր 2022_ին Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական հերթական յարձակումի մասին միջազգային հանրութեան արձագանքը։

«Դրօշակ»ի այս թիւով հրապարակուած է պատմաբան Արարատ Յակոբեանի՝ մեր տագնապալի օրերուն հետ աղերսուող «Դրուագներ Արցախ-Սիւնիքի Ազատագրական Պայքարի Պատմութենէն (1722-1730 թթ.) (պայքարի սկզբնաիորման 300-ամռակի առիթով)» յօդուածի երկրորդ եւ վերջին մասը։

Նշենք, որ «Դրօշակ»ի հերթական թիւը կը բնորոշուի նիւթերու ու թեմաներու բազմազանութեամբ:

Դրօշակ»ի 2022_ի 10-րդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէէն: