Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Երկիր Մետիա»-ի տաղաւարին մէջ 16 Հոկտեմբերին պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի հետ զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած վիճակի մասին, անդրադարձաւ Արցախի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Երեւան կատարած այցելութեան, ընդդիմութեան պայքարին եւ յիշեցուց տակաւին տարիներ առաջ իրենց կատարած նախազգուշացումները:
«Իշխանութիւնը այսօր կ’ըսէ` ընդդիմութեան պայքարը իշխանութեան գալու համար է, այլ ոչ թէ հայրենիքի, մենք կ’ըսենք՝ մեր գլխաւոր նպատակը իշխանութեան հասնիլ չէ, բայց իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտ պայման է երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու համար: Այնպէս եղած է, որ բոլոր անոնք, որոնք ունին կամք, վճռականութիւն, փորձառութիւն, պատասխանատուութիւն երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու համար, չունին համապատասխան լծակներ զանիկա իրականացնելու համար: Իսկ լծակներ ունեցողները` իշխանութեան վրայ գտնուողները, երկիրը հետեւողականօրէն կը տանին կործանման: Այսինքն սա պայքար չէ իշխանութեան համար, բայց իշխանութիւնը անհրաժեշտ լծակ է հարցեր լուծելու համար», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, իշխանութիւնը ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ այն յանցանքով, որ ան ոչ թէ հայրենիքի փրկութեան համար կը պայքարի, այլ՝ «թալանի փրկութեան»:
Պատգամաւորը յայտնած է, որ Փաշինեան ընտրութիւններէն առաջ քաղաքացիներուն խոստացած է խաղաղութիւն, բայց թէ ինչի՛ հաշուոյն, այդ չէ ըսած:
«Նախընտրական շրջանին ըսած է, որ պէտք է հասնիլ արցախեան տագնապի խաղաղ ու համապարփակ լուծման՝ հիմնուած Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, առանց սահմանափակումներու իրականացման վրայ, Արցախի ժողովուրդը չի կրնար գոհատեւել Ատրպէյճանի ենթակայութեան ներքեւ, Արցախի հարցի վերջնական լուծումը մենք կը տեսնենք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, իրաւունքներու իրականացման, կարգավիճակի վերջնական յստակացումին մէջ՝ առաջնորդուելով անջատում յանուն փրկութեան սկզբունքով: Այս խոստացած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը, յետոյ ալ կառավարութեան ծրագիրով վերահաստատած: Հիմա կ’ըսէ, որ Արցախը պէտք է մնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Այսինքն դուն ժողովուրդին խոստացած ես խաղաղութիւն, ընտրուելէ ետք բերած ես պատերազմ, հետեւաբար այս իշխանութիւնը օրինական չէ եւ ժողովուրդին կողմէ որեւէ լիազօրութիւն չունի. սա շատ կարեւոր արձանագրում է, որ պէտք է կատարենք: Նիկոլը չի կրնար խաղաղութեան օրակարգ յառաջ բերել, ան պատերազմի եւ պարտութեան խորհրդանիշ է, իրեն հետ կայ երկու տաբերակ, կա՛մ նոր պատերազմ, կա՛մ նոր յանձնուողական պայմանագիր, հիմա ամբողջ խնդիրը այն է, որ մենք մեր հասարակութեան պէտք է կարենանք մինչեւ վերջ ասիկա բացատրել:
Իր բանաձեւը հետեւեալն է՝ ինչ որ կ’ուզէ թշնամին տանք, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի, բայց կեանքը ցոյց տուած է, որ ինչ որ կ’ուզէ կու տանք, կը շարունակէ ուզել աւելին, բայց խաղաղութիւն չի հաստատուիր», նկատել տուած է ան՝ նշելով, որ Սիւնիքի մէջ ճանապարհներ յանձնելով, Բերձորն ու Աղաւնօն յանձնելէ ետք թշնամին մօտեցաւ Ջերմուկին, եւ այսպէս շարունակուելու պարագային զայն պիտի դիմաւորենք Երեւանի մատոյցներուն:
Ըստ անոր, եթէ դուն պատրաստ չես պաշտպանելու հայրենիքդ եւ ամէն ինչ կ’ընես ժողովուրդն ու բանակը բարոյալքելու համար, ուրեմն պէտք է պատրաստ ըլլաս թշնամին դիմաւորելու Երեւանի մէջ: