ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2022-ին կազմակերպեց դասախօսութիւն մը «Հաղորդակցութեան Հմտութիւններ» խորագրով:

Օրուան դասախօսն էր Ալին Լահտօ: Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամներ, Շրջ. յանձնախումբերու, նստավայրի մասնաճիւղերու անդամներ եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբի անդամ Լիզա Լալէեան:

Ան հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ ՍՕ Խաչի լայնածաւալ գործունէութեան մասին, որմէ ետք յիշեց, թէ Դաստիարակչական Յանձնախումբը իր գործունէութեամբ կը ձգտի հարստացնել հայ կնոջ գիտելիքներն ու զայն հաղորդակից դարձնել ժամանակակից նիւթերու` կազմակերպելով դասընթացքներ, դասախօսաշարքեր եւ սեմինարներ, ինչպէս նաեւ դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրելով դաստիարակչական բազմաբնոյթ նիւթեր: Ապա ան ներկայացուց դասախօս Ալին Լահտօն:

Լահտօ օժտուած է զանազան ոլորտներու մէջ ծառայութեան աւելի քան 25 տարուան լայն փորձառութեամբ, յատկապէս գործակցելով մասնաւոր հատուածի ձեռնարկութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ծրագիրներու հետ: Ան իր ներդրումը բերած է յատկապէս մարդկային պաշարներու պատրաստութեան, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ծրագրաւորման, իրագործման եւ տնօրինման մէջ:

Դասախօսը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք հրաւիրող միութեան, ապա յիշեց որ իր արմատներն ալ հայկական ծագում ունին:

Ան նիւթը սկսաւ կարեւոր համարելով մարդուն անհատականութիւնը եւ ազդեցիկ դերը յարաբերութիւններու մշակման մէջ:

Լահտօ կարեւոր համարեց նաեւ յարաբերութիւններու մէջ քաջալերական մօտեցումն ու գնահատանքը, շեշտելով, որ բացասական մօտեցումները ընդհանրապէս կը քանդեն յարաբերութիւնները, իսկ մարդ անհատին առողջ մտածելակերպը կ՛ուրուագծէ յաջողութեան իր ուղին:

Ան նշեց, թէ յաջողակ դառնալու համար հիմնական երեք ազդակներու վրայ պէտք է կեդրոնանալ.
Ա.- Ըլլալ գործուն ներկայութիւն միջավայրին մէջ, ճշդել նպատակ եւ սահմանել առաջնահերթութիւններ:
Բ.- Յաջողութիւնը հաւաքական աշխատանքի ունակութեան մէջ է: Ուստի հարկ է օգնել շրջապատին, օգտուիլ այլոց առաւելութիւններէն եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ ներդաշնակութիւն ստեղծել ընկերութեան մէջ:
3.- Մեր միտքն ու մարմինը առողջ պահել հետեւելով առողջ սննդակարգի, իսկ մտածելակերպը զարգացնել` յարաբերական ճկունութիւն եւ ջերմ վերաբերմունք ունենալով մեր շրջապատին հետ:

Ան դիտել տուաւ նաեւ որ մարդիկ կը հաղորդակցին աչքերով, ականջով, գրելով, խօսելով եւ մարմնային շարժումներով: Հռետորաբանները, զորօրինակ, իրենց ներկայացուցած նիւթին շուրջ կ՛ունենան խոր իմացութիւն եւ մարդիկ համոզելու լայն կարողութիւններով օժտուած կ՛ըլլան:
Մինչդեռ լաւ վարչական ըլլալու համար պէտք է լաւ ունկնդիր ըլլալ, ականջ տալու շրջապատի պահանջներուն եւ տարբեր կարծիքներու:

Դասախօսը օրինակներով եւ պարզ ոճով ներկայացուց իր նիւթը, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց:

Աւարտին, Դաստիարակչական Յանձնախումբին կողմէ ատենապետուհին դասախօսը գնահատեց խորհրդանշական նուէրով մը: