Այսօր՝ 25 Հոկտեմբերին, տեղի կ՚ունենայ Արեգակի մասնակի խաւարումը, որ տեսանելի կ՚ըլլայ նաեւ Սուրիայէն։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, մասնակի խաւարումը կը սկսի Սուրիոյ ժամով յետմիջօրէի 12։56-ը երկու երկվայրկեան անց, կը տեւէ մինչեւ 3։22-ը 40 երկվայրկեան անց։

Խաւարումը իր գագաթնակէտին կը հասնի ժամը 2։11-ը 12 երկվայրկեան անց։ Կը խաւարի արեգակին 48%-ը։

Խաւարումը ընդհանուր առմամբ տեսանելի կ՚ըլլայ Եւրոպայի, արեւմտեան Ասիոյ եւ հիւսիսարեւելեան Ափրիկէի որոշ մասերու մէջ։