Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Հոկտեմբեր ամիսը «Հայկական Մշակոյթի Ամիս» հռչակելուն առիթով , «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպեց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած մշակութային ձեռնարկ մը Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։

Վարչութեան ատենապետուհին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ որ նախաձեռնութեան նպատակը նոր սերունդին մօտ հայ մշակոյթին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելն է։

Բացման խօսքին յաջորդեց երիտասարդներուն պատրաստած երաժշտական յայտագիրը։ Մասնակիցները մօտ մէկ ժամուան տեւողութեան տարբեր գործիքներով նուագեցին հայկական դասական երաժշտութեան գոհարներէն, ինչպէս նաեւ միջազգային երաժշտութենէն երեք կտորներ։
Այսպէս ` Սէրլի Առաքելեան եւ Միրելլա Խալիլ (դաշնամուր եւ կիթառ) նուագեցին Կոմիտասի «Բարի Արագիլ»-ը հմայելով բոլորը։
Ջութակ նուագեցին Արէն Սեդիկեան՝ «Տուն Իմ Հայրենի» , Սերժ Պոյեաճեան՝ «Ձայն Տուր Ով Ֆետայ» եւ «Ձայն Մը Հնչեց» , Եսայի Եագուպեան՝ «Վալս» (դաշնամուր) , Կարօ Միսիրեան «Գիշեր է, Գիշեր» եւ «Hotel california» (կիթառ),
Արփի Ճանսըզեան «Promenade Serge Prokoieff» (դաշնամուր) , իսկ Սարգիս Առաքելեան «Godfather» (կիթառ)։ Անոնց ճկուն , զգայացունց եւ նրբաճաշակ կատարումները հմայեցին հանդիսատեսը։

Այնուհետեւ Սոնա Անտրեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Թարգմանչաց տօնին խորհուրդին ու պատգամին այժմէական հնչողութիւնը ներկայ ժամանակներու համաշխարհայնացման ստեղծած ապազգային քաղաքականութեան լոյսին տակ։ Երեւոյթ մը, որ կը սպառնայ ոչնչացնել ազգային մշակոյթներ եւ ազգային ինքնուրոյնութեան իւրաքանչիւր արտայայտութիւն։ Ան լուսարձակի տակ բերաւ ոսկեդարու գիրերու գիւտին ու հայ դպրութեան աւանդը` հայ ժողովուրդի հետագայ լինելութեան շարունակականութեան երաշխաւորման համար։ «Գիրերու գիւտէն ետք, Մաշտոց եւ թարգմանիչ վարդապետները ձեռնարկեցին թարգմանական հսկայ աշխատանքի, որուն արդիւնքով յառաջ եկաւ թարգմանչաց շարժումը։ Անոր նպատակն էր հայ ժողովուրդին եւ դպրութեան վրայէն թօթափել յունական ազդեցութիւնը, անոնց տալով հայադրոշմ կնիք։ Այսպիսով հայ ժողովուրդը գրական և մշակութային սքանչելի վերելք ապրեցաւ եւ Ե.դարուն կերտեց իր Ոսկեդարը», ըսաւ Անտրեան։

Ան խօսքը եզրափակելով դիտել տուաւ, որ այսօր եւ ընդմիշտ մայրենի լեզուն է մեր ինքնութեան ազգային զարկերակը, հայեցի մտածողութեան եւ գոյատեւման շարունակականութեան երաշխիքը, եւ մաղթեց որ Թարգմանչաց ոգին եւ շունչը միշտ վառ մնան մեր հոգիներուն մէջ, իսկ ազգային մշակոյթի եւ մայրենիի պահպանումն ու տարածումը դառնան մեզմէ իւրաքանչիւրին ուշադրութեան կիզակէտը, հանապազօրեայ գուրգուրանքի առարկանև:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։ Հանդիսատեսը, յագեցած հայաշունչ մթնոլորտէն , ապրեցաւ ազգային իր պատկանելիութեան հպարտանքը եւ գոհունակ սրտով բաժնուեցաւ սրահէն։

Սոնա Անտրեան