Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բանակի ցամաքային զօրքերու հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանային շտապը յայտարարած է երկրի հիւսիս-արևմուտքը՝ Արևմտեան Ատրպէյճան նահանգի սահմանամերձ շրջանին մէջ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսելու մասին: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած է իրանական «Mehr» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ զօրավարժութիւնները տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող Պասվայի եւ Պիրանշահրի շրջանին մէջ: