Ուքրանիոյ պատերազմը պէտք չէ աշխարհին ստիպէ մոռնալ այլ տագնապներ, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի, Միջին Արեւելքի մէջ: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:

«Այսօր կան մարդիկ, որոնց վրայ կը յարձակին, իսկ միւս կողմէ` կան ղեկավարներ, որոնք որոշած են յարձակիլ, ներխուժել եւ նուաստացնել: Չէզոք մնալը պիտի նշանակէ գիտակցիլ, որ ուժեղի օրէնքը կը դառնայ ընդհանուր օրէնք», ըսած է Մաքրոն: