Հասիչէի սուրիական պատկերասփիւռի կայանի թղթակից Սիլվա Ասիա հաղորդեց, որ սուրիական-ռուսական ջանքերուն շնորհիւ վերջապէս կարելի եղաւ ճնշում բանեցնել թրքական կողմին վրայ, բռնագրաւուած Ռաս ուլ Այնի մէջ գտնուող «Ալլուք» ջրամատակատարման կայանը վերաբանալու եւ Հասիչէի աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութեան ջուր հասցնելու համար։

Կայանի վերաբանեցումով վերջ գտաւ Հասիչէի բնակչութեան երեք ամսուան ջուրի տագնապը։