Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, սուրիական «Սաուրա» թերթը հաղորդեց, որ սուրիական քարիւղային հարստութեան աւելի քան 82%-ը թալանուած է Ուաշինկթընի եւ Անգարայի կողմէ, իսկ Սուրիոյ պետութեան կրած վնասները այս հատուածին մէջ հասած են 100 միլիառ ԱՄՆ տոլարի։ Այս մէկը պատճառ դարձած է որ Սուրիան քարիւղային հարստութիւններու կողմէ ոչ միայն ինքնաբաւ, այլ արտածող պետութենէ ներածող պետութեան վերածուի, ըստ Սուրիոյ քարիւղի եւ Հանգային Հարստութեան Նախարար Պասսամ Թաամէի նախապէս ունեցած յայտարարութեան։