Յիշատակն է  նահատակութեան
Որդիներուդ պատուական,
Որոնք  հողի Կանչին
Տուին պատասխան
Շուշի  հասան անվարան։
Յակոբը  Ասթարճեան,
Մոսիկը Սեքլէմեան,
Յարութը Բանոյեան։
Կը խոնարհին գլուխները համայն,
Յիշատակին անոնց,
Որոնք վահանի վրայ վերադարձան Ամրոցը Հալէպեան։
Նահատակութեամբ վկայեցին Միասնութիւնը հայութեան:
Ննջեցէ՛ք անդորր
Նահատակ քաջեր,
Արցախն արդէն,
Ոտքի է ելեր,
Ստեփանակերտ, Շուշի, Երեւան,
Մինչեւ ոստանները սփիւռքեան,
Անկախութիւնն է կամքը հայութեան։
Փառք  Ձեզ հերոսներ
Հայրենասիրութեան անշէջ կերոններ,
Սուրբ գործը Ձեր կը շարունակեն ընկերներ։
Գրիգոր Տունկեան