«Արմէնփրէս»._Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, թէ 7 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ նախատեսուած հանդիպումը պիտի չըլլայ, քանի որ հայկական կողմը հանդիպումին համաձայն է պայմանով, որ անոր մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահը:

Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մասին հայկական կողմի՝ Ատրպէյճանին ներկայացուած առաջարկներուն մասին «Արմէնփրէս»-ի հարցումներուն պատասխանած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Հունանեան.

Հարց. Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պրիւքսէլի մէջ 7 Դեկտեմբերին նախատեսուող հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ ձեւաչափի մասին հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառով: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս:

Պատասխան. Կը փափաքիմ յիշեցնել, որ նախորդ հանդիպումը Փրակի մէջ, ուր ձեռք բերուած է հանդիպումները շարունակելու պայմանաւորվածութիւն, տեղի ունեցած է քառակողմ ձեւաչափի մէջ, եւ տրամաբանական է, որ հանդիպումին ձեւաչափը եւ մասնակիցներուն կազմը պիտի նոյնը ըլլայ: Ատրպէյճանական կողմին բոլոր յայտարարութիւնները, թէ հայկական կողմը կը փորձէ խաթարել հանդիպումը եւ խաղաղութեան գործընթացը իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին։ Հայաստանի Հանրապետութիւն պատրաստ է 7 Դեկտեմբերի հանդիպումին՝ Փրակի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան եւ ձեւաչափին համաձայն։

Հարց. Ուաշինկթընի մէջ 7 Նոյեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցած էր խաղաղութեան պայմանագիրի մասին հայկական առաջարկները: Արդեօք որեւէ զարգացում կա՞յ այս առումով:

Պատասխան. Այս պահուան դրութեամբ խաղաղութեան պայմանագիրի մեր առաջարկներուն Ատրպէյճան չէ պատասխանած։