Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը յայտարարութիւն ընդունած է, որով Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւններն ու ապահովելու ազատ տեղաշարժը Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ միջանցքով։ Կը ներկայացնենք Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատի ընդունած յայտարարութիւնը․

«12 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանը փակած է Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղ) Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող Լաչինի միջանցքը՝ աւելի քան 120․000 բնակիչներուն ձգելով առանց սնունդի, դեղորայքի եւ բժշկական օգնութեան։

Ըստ եռակողմ յայտարարութեան, որ ստորագրուած է 9 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ, միջանցքը կը գտնուի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան տակ, եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է երաշխաւորել քաղաքացիներուն, երթեւեկի եւ ապրանքներու անվտանգ տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ։

Ցամաքային շրջափակումէն եւ Արցախէն մեկնող կամ ժամանող որեւէ ինքնաթիռի ոչնչացման մասին Ատրպէյճանի կողմէն արծարծուող մշտական սպառնալիքէն յառաջացած աճող մարդկային ճգնաժամի պայմաններուն, Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը յայտարարած է․

1․ Իր կոչը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ իրականացնելու իրենց միջազգային պարտաւորութիւները եւ ապահովելու ազատ շարժը Արցախը եւ Հայաստանին միաւորող միջանցքով ՝ վերջ դնելով քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ գործադրուող ճնշումին։

2․ Իր դատապարտումը Հայաստանէն Արցախին կազ մատակարարող խողովակի աշխատանքին դիտաւորեալ դադրեցումին մասին, այն բաժինին մէջ, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ, որ 13_էն 16 Դեկտեմբերին բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածները, ինչպէս օրինակ՝ դպրոցները եւ հիւանդանոցները, ձմրան պայմաններուն զրկուեցան ջեռուցման համար անհրաժեշտ ուժանակի հիմնական աղբիւրէն։

3․ Իր համերաշխութիւնը Արցախի բնակչութեան, որուն իրաւունքները պէտք է յարգուին հակամարտութեան լուծման մէջ ներգրաւուած բոլոր դերակատարներու կողմէն»։