Միջազգային ճգնաժամային խումբը գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրենց վերջին պատերազմէն երկու տարի անց Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կարծես թէ կ’ուղղուին դէպի նոր առճակատումի: Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ անյաջողութիւնները խախտած են տարածաշրջանի հաշուարկները։
Նոր պատերազմը պիտի ըլլայ աւելի կարճ, բայց ոչ պակաս ցաւալի, քան 2020_ի վեցշաբաթեայ հակամարտութիւնը։
Այդ օրուընէ հաւասակշռութիւնը փոխուած է ի շահ Ատրպէյճանին։ Հայկական բանակը չէ համալրած իր զօրքերն ու սպառազինութիւնները, քանի որ Ռուսիոյ՝ անոր հիմնական զէնք վաճառողին, մատակարարումները բաւարար չեն։ Ատրպէյճան, ընդհակառակը, թափ կը հաւաքէ։ Անոր բանակը քանի մը անգամ գերազանցած է հայկական բանակը, աւելի լաւ յագեցած է եւ աջակցութիւն ունի Թուրքիայէն։ Պաքուին քաջալերած է նաեւ ատրպէյճանական կազի եւրոպական բարձր պահանջարկը։

Զեկոյցին մէջ յատկապէս նշուած է, որ 2020_ի զինադադարէն ետք Ռուսիան խաղաղապահներ տեղակայած է Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ ուժեղացուցած է իր սահմանապահ ուժերն ու զինուորական անձնակազմը հայ-ատրպէյճանական սահմանի այն հատուածներուն մէջ, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն վերջ դարձած են նոր առաջնագիծ։

Սակայն ուքրանական պատերազմէն վերջ այդ հաշուարկները չիրականացան։

Փորձագէտները կը պնդեն, որ ուքրանական պատերազմը ստուերի մէջ ձգած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները։ Անոնց տեղեկութիւններուն համաձայն, անցեալ տարուան վերջաւորութեան Մոսկուան ընդունած է Եւրոմիութեան հանրագիրը՝ յոյս ունենալով, որ անիկա կ’ուժեղացնէ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը։ Սակայն, Ուքրանիոյ պատերազմի բռնկումէն վերջ, Մոսկուան Պրիւքսէլի միջնորդութիւնը համարեց ռուսական ազդեցութիւնը զսպելու փորձ մը եւս, եւ ինչպէս արեւմտեան մայրաքաղաքները չէին փորձեր անոնց հակառակը համոզել, Քրեմլը կը հրաժարէր միջամտելէ:

«Շրջանառութեան մէջ դրուած է համաձայնագիրերու երկու նախագիծ․ մէկը մշակած է Ռուսիան, միւսը՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ Արեւմուտքի աջակցութեամբ», յիշուած է զեկոյցին մէջ՝ մանրամասնելով, որ փաստաթուղթերէն իւրաքանչիւրը կը վերաբերի կապի եւ առեւտուրի ուղիներու վերականգնումին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի կայունացման՝ տակաւին սկիզբ չառած գործընթացէն մինակ ձգելով Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ճակատագիրը։

«Հայ-ատրպէյճանական նախագիծը, որուն կ’աջակցի Արեւմուտքը, աւելի հեռանկարային է, մասամբ այն պատճառով, որ անիկա մշակած են հակամարտող կողմերը», կարծիք յայտնած են փորձագէտները՝ ընդգծելով նաեւ, որ անհասկնալի է, սակայն, թէ ինչպէս պիտի արձագանգէ Մոսկվան, եթէ համաձայնագիրը ընդունուի։

Միւս կողմէն, ըստ միջազգային ճգնաժամային խումբին, թէեւ կողմերը կը փորձեն միատեղ նախագիծ մշակել, սակայն անոնց մօտեցումները տակաւին շատ հեռու են իրարմէ։