«Արմէնփրէս»._ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը ամփոփած է 2022 թուականի գործունէութիւնը եւ տարեվերջեան իր զեկոյցին մէջ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով առնչուած են ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստանը եւ Արցախը:

Լեմքինի հիմնարկը յայտնած է, որ 2022_ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնալիքի տակ դրուած է դրացի Ատրպէյճանի եւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ։ Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի կողմէն հրադադարի մշտական խախտումները, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակումը Հայաստանին դէմ, հայ ռազմագերիներուն հանդէպ վայրագութիւնները:

Հիմնարկը նաեւ յայտնած է, որ 12 Դեկտեմբերին Ատրպէյճան փակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ յառաջացնելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ կրնայ արագ վերածուիլ աղէտի:

«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը երկրի մէջ բացայայտ կերպով կը վարէ դաժան հակահայկական քաղաքականութիւն՝ տօնելով պատերազմական յանցագործութիւնները եւ միեւնոյն ատեն արտաքին աշխարհին ներկայանալով իբրեւ հանդուրժողականութեան օրինակ», գրած են Լեմքինի հիմնարկի փորձագէտները՝ աւելցնելով, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ցանկալով Հայաստանէն ստանալ «Զանգեզուրի միջանցք», Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնազաւթումով եւ ցեղասպանութեամբ:

Հիմնարկը ուշադրութեան կը հրաւիրէ, որ հզօր երկիրները, ինչպէս նաև Եւրոպական Միութիւնը, ՆԱԹՕ-ն եւ այլ կառոյցներ կը շարունակեն բացայայտ կերպով աջակցիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարչակարգերուն:

«Ատրպէյճանը Freedom House-ի կողմէն ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենաքիչ ազատ երկիրներէն մեկը: Վերջին տարիներու ընթացքին այնտեղ աւելցուցած են լրագրողներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, ցեղային փոքրամասնութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հալածանքները՝ այլախոհութիւնը վերացնելու համար օգտագործելով ներքին, ինչպէս նաեւ անդրազգային բռնաճնշումներ», եզրափակած են փորձագէտները: