Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հետեւեալ մաղթանքը յղած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով.
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 2023-ը կը դիմաւորենք արտակարգ պայմաններու մէջ: Անցնող տարուան ամբողջ ընթացքին, անկախ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան հանդէպ իրականացուած բազմաթիւ յարձակումներէն ու սադրանքներէն, Ատրպէյճան 12 Դեկտեմբերին նաեւ փակեց Արցախը Մայր Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ մեզ կանգնեցնելով նոր մարտահրաւէրներու առջեւ:
Տարաբնոյթ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները յաղթահարելու ճանապարհին մեր ժողովուրդը դարձաւ աւելի ուժեղ ու ամրակուռ՝ անգամ մը եւս վերահաստատելով սեփական հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու, արարելու կամքն ու վճռականութիւնը: Մեր ժողովուրդը նման զրկանքներու պակաս չէ ունեցած դարերու եւ յատկապէս վերջին տասնամեակներուն ընթացքում, սակայն յաջողած է վճռական ու միասնական պայքարի միջոցով յաղթահարել մարտահրաւէրները: Ուստի, վստահ եմ, որ այս ծանրագոյն ճգնաժամն ալ անցընելու ենք պատուով:
Թանկագի՛ն բարեկամներ, այս տօնական օրին կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ՝ միմեանց սատարելու եւ առկայ մարտահրաւէրները արժանապատուութեամբ դիմագրաւելու համար: Ամանորի այս գիշերը շատ մը ընտանիքներ բաժնուած են:
Կ’ուզեմ ներողութիւն խնդրել յատկապէս այն երեխաներէն, ովքեր հեռու կը գտնուին իրենց ծնողներէն՝ Արցախի կեանքի ճամբան բանալու նպատակով մեր կողմէ գործադրուած ջանքերուն ցարդ ապարդիւն մնալուն համար:
Կ’ուզեմ որ յիշենք Հայրենիքի նուիրեալները եւ խոնարհինք անոնց յիշատակին դիմաց. Այդ յիշատակը կարելի է վառ պահել միայն հայկական Արցախով, Արցախի մէջ ապրելով եւ պայքարելով:
Համոզուած եղէք, որ հայրենիքի այս գողտրիկ անկիւնին մէջ ապրելով ու ծառացող դժուարութիւնները հերոսաբար յաղթահարելով, մեզմէ իւրաքանչիւրը իւրովի կարեւոր առաքելութիւն կը կատարէ՝ յանուն հայ ժողովուրդի լինելութեան եւ անոր ապագային:
Կ’ուզեմ նաեւ խորին երախտագիտութիւն յայտնել Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, բոլոր անոնց, որոնք մեզի հետ են, մեր կողքին, իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն Արցախին այս դժուար օրերուն: Խաղաղութիւն, բարօրութիւն, վճռականութիւն, յոյս ու հաւատք բոլորիս:
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ: