«Գրասեղանիս վրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մը հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն։
Նուէր է ան.-Զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տրուած, առանց երբեք գիտնալու,
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին»։
Դ. Վարուժան
Քարի ափաչափ կտորը, այդ սեւ փոքրիկ զանգուածը որքա՞ն ժամանակէ ի վեր ինկած էր հոն-հազարամեակնե՞ր, թէ՞ միլիոնաւոր տարիներ։ Հաւանաբար վերջինը, քանի որ լեռը միլիոնաւոր տարեկան է։ Ան նաեւ հրաբխային է, ուրեմն ո՞ր մէկ կործանիչ ժայթքումն է որ, միլիոնաւոր կտորներու հետ, դուրս նետած է հրահեղուկին նաեւ այս կայլակը։ Հրէ զանգուածը այն ատեն ձեւ չունէր եւ կրնար ստանալ որեւէ ձեւ։ Ստացաւ յատկապէս այս ձեւը։ Ու ահա ան հազարամեակներով, թերեւս ալ միլիոնաւոր տարիներ ինկած հոս, զինք սպասած է.  յատկապէս ան է որ խօսեցաւ իր սրտին. կարծես լռութեամբ կանչեց զինք ու ինք մօտեցաւ, առաւ նախ ձախ ձեռքով. աջով բռնած էր գաւազանը. ապա կեցաւ, շրջեց, շուռումուռ տուաւ զայն ափին մէջ, արմենոիտ կոչեց։ Խնդաց ներքուստ, բայց քարին փորագրուած գիծերը այդ կը յուշէին։ Ու ջերմութիւնը, որ ժայթքումէն ի վեր քարը պահած էր իր ծոցը, խօսեցաւ իրեն. թէեւ առանց բառերու, լռութեան լեզուով խօսեցաւ քարը, ու ինք գիտցաւ, որ զայն պիտի վերցնէ ու տանի հեռաւոր այն երկիրը, ուր ան ոչ ոք է, ոչինչ, նոյնիսկ քար ալ չէ, այլ ափաչափ սեւ զանգուած մը՝ անձեւ ու ոչինչի ծառայող։
Մէկ հոգի միայն կար այդ հեռաւոր երկրին բազմամիլիոն քաղաքի մը մէջ, ով տարիներ երազած էր այս քարը։ Ան գիտէր այս քարի մասին, գիտէր նաեւ, որ երբ ու շուրջդ բազմամբոխի ամայացնող ժխորն է, որ առաւել կը շեշտէ միայնութիւնդ՝ ան քու ներսիդիդ անդորր կը տարածէ ու ապա ինք է որ կը խօսի։ Չի խօսիր, անոր խորքերէն շղթաներու զրնգոց, շուներու կաղկանձ ու նաեւ վիշապներու գալարուելու ձայներ կ’ելլեն, կը տարածուին շուրջդ։ Անոր խորշերը նիրհող հողմեր կ’արթննան, կը գալարին, պտոյտ կու տան հոգիիդ տարածքին բոլոր, կ’ելլեն ու կը պատեն երկինքը՝ կլլելով արեւը։ Մանկութեան հեքիա՞թ է, թէ՞ ապրուած կեանքեր բազում սերունդներու, որ ձգուեր, քալեր դարերու փոշիներուն մէջէն ու հասեր էր իրեն։
Բայց ան, բազմամիլիոն քաղաքի այդ միայնակ բնակիչը գիտէր, կը լսէր քարին կանչը, կ’ընկալէր անոր խորքերէն եկող հազարամեայ ձայները՝ իր շուրջի աղմուկը լռեցնող։
Պապո՛ւկը։ Զառամեալ իր աչքերով ան միայն այդ ուղղութեամբ կը նայէր այլեւս, կը տեսնէր լուսաճառագ գագաթներ՝ արեւի կարմրա-մանուշակագոյն շողերուն մէջ վեհասլաց՝ գերութեան մէջ իսկ։ Ու փոխանցած, վարակած էր իրեն ալ, մանկութեան կաթին հետ ինք այս լերան կանչին ունկնդիր էր։ Պապին հեքիաթներուն դիւցազունն էր ինք, որ նախանշուած օրը պիտի գար ու լերան խորխորատները դարանած վիշապներէն պիտի փրկէր Արեւորդին գերեալ։
* * *
Խումբը երիտասարդ էր ու անոնց մէջ իր ներկայութիւնը զարմանքի ու հիացքի արժանացած էր։ Առարկեցին, թէ իրենք ամիսով մարզուած, պատրաստուած են վերելքին, թէ դժուար մատչելի լեռ է։ Ինք պատասխանեց. «Ես ձեզմէ երեք անգամ գոնէ մեծ եմ, ուրեմն երեք անգամ ձեր տարիքը պատրաստուեր եմ այս վերելքին»։ Չհասկցան, խնդացին։
  Հայքէն Հայք մուտքը այլ պետութեան տարածքէն եղաւ։ Պայազէտէն ելան, մտան գիւղ մը, որ Արծափ կը կոչուէր։ Այնուհետեւ պիտի սկսէր քայլարշաւը։ Վեհանիստ լեռը ծածկած էր հորիզոնը։ Ո՞վ ըսեր է, թէ Արարատը Փոքր Հայաստանի կողմէն միայն գեղեցիկ է. սրտի մխիթարանք է։ Երբ կորսնցուցեր ես տաճարը, հրաշքով փրկուած բուրվառը կծու մխիթարանքի աղբիւր է։
Անցան գիւղի գերեզմանոցի կողմէն. Հայո՛ւ գերեզմանոց մը, քանզի քիւրտերը տակաւին խաչքարէ շիրիմներ չունին։ Մօտեցան ու ծանօթացան անոնց, որոնք հարիւր տարիէ աւելի հարազատի ձեռքի ջերմութիւն չէին զգացած։ Քիւրտ մը հոն խաչքար մը գլորեր, փոս կը փորէր։ Ծերը մօտեցաւ.
– Ի՜նչ կ’ընես, եղբա՛յր, մեղք կը գործես, աս գերեզման է…
-Գիտեմ, հայու գերեզման է, ոսկի կայ մէջը։
-Բայց ի՞նչ ոսկի, մեռեալին հետ ոսկի չեն թաղեր հայերը, իր հողին արժանանալը հայու համար արդէն ոսկի է։
Քիւրտը ոչ գլուխ, ոչ ալ մանր մաղելու կարիք ունէր, պատասխանեց.
-Ակռայ կ’ըլլայ, ոսկի ակռայ…
-Բայց սրբապղծութիւն կ’ընես, Աստուծոյ դէմ է, ձեր գիւղապետը կը կանչեմ։
Քիւրտը հողի մէջ խրեց բահը, բերնէն հանեց ծխիկը, թքեց գետնին, ապա գլուխը վեր առաւ ու սեւցած ակռաները բանալով քմծիծաղեց.
-Զանգէ՛, կ’ուզես ա՛ռ հեռաձայնս, անոր թիւը ունիմ…
Ուրիշ գիւղացիներ ալ կը մօտենային։ Խումբը խաչքարերուն ներողութիւն ըսաւ ու հեռացաւ։ Ծերը կը քալէր գլխիկոր, կը լսէր պապուն ձայնը.
«Մեր գեղի գերեզմնոց սարի փէշերուն ի, իմ պապու շիրիմին վրայ խաչին տակը սուր մը փորագրուած ի, ան ֆիտայի էր ու մեռնելէն անանկ ապսպրեց, ըսաւ՝ խաչ առանց սուրի կ’իյնայ, սուր պէտք ի, որ խաչ իր սրբութեան մէջը մնայ, իմ շիրմիս սուրս փորագրեցէք»։
Չէ, բոլորը չէ որ կը խօսէին խաչքարերուն հետ։ Խումբին մէջ օտարներ ալ կային՝ եւրոպացիներ, ամերիկացի զոյգ մը։ Անոնք ալ իրենց ուխտը ունէին՝ Ս.Գրոց Արարատը կ’ելլէին՝ Նոյեան տապանին հաղորդակցուելու։ Անոնք արեան կանչ ու լքուած շիրիմներ չունէին այս հողին կապող։ Անոնք կը վայելէին բոլոր գեղեցկութիւնները առանց լեղիի ու խաղաղ սիրտով կը տանէին մագլցելու դժուարութիւնը։
– Պարո՛ն Արտօ, ի՞նչ կեցեր էք, ետ մի մնաք, օգնե՞մ,- անմիջապէս առջեւէն քալող երիտասարդն էր։
– Արտօ չէ, ձգո՛ւկ, Արտաւազդ է իմին անունս, այս սուրբ հողին վրայ ինչո՞ւ կ’աղաւաղես արքայական անունս, կու գամ,- ըսաւ, ապա կամացուկ շշնջաց,- ինծի օգնութիւն պէտք չէ, դուն մոռցա՞ր ուր ենք մենք, ան արդէն մէջս է՝ իմին ուժս, քո՛ւ ալ ուժդ։
Հանեց պապուն մետաքսէ կարմիր թաշկինակը, զոր խնամքով ծալած պահած էր ծոցագրպանը, անոր մէջ փաթթեց մինչ այդ ափը պահած սեւ քարի բեկորը ու տեղադրեց հոն՝ սիրտին վրայ։ Սիրտը արձագանգեց քարի ջերմութեան ու արագ տրոփեց։ Ծեր մարդը նոր կայտառութեամբ շարունակեց մագլցել քարքարոտ ու լերկ լանջն ի վեր։
«Մըր Էրկիր կանանչ էր, մըր լեռներ մախմուր կանանչ էր», խօսեցաւ պապուկը։
– Ո՜ւր է հոս կանաչ, սե՛ւ է ամէնուր, սեւ քար ու չո՛ր, չո՛ր։
«Արեւորդին որ զվիշապ գլխատեց, էնոր ջանդաք նետեց անդունդ, էնժամ ջուրեր բխեցան մունջ ակերէն, ու էրգիր իր ծոցէն խոտ ու ծաղիկ ծլեցուց»։
«Այդ քո՛ւ լեռներուն վրայ էր, պապու՛կ, այդ քո՛ւ հեքիաթին մէջ էր, պապու՛կ, հոն մախմուր կանաչ էր, հոս վիշապը կը գալարի դեռ լերան խորխորատին մէջ ու կը ցնցէ լեռը, հոս Արեւորդին քարայրէն չէ ելած դեռ պապու՛կ, ներէ զիս, ես շղթայուածը տակաւին չեմ ազատած, ես զէնք չունիմ, պապու՛կ, քու զէնքիդ ժամանակը անցեր է, ինծի ուրիշ պէտք է։ Տե՛ս, վտիտ ու ճարպիկ քիւրտ առաջնորդը դեռ սրաշեղբ դանակ ունի ու շեղբի պէս հայեացք՝ երբ կը ժպտի։ Արարատին տէրն է ան, ու սրբազան լեռը իր շահին աղբիւրն է»։
* * *
Քալող աղջիկ մը երգել սկսաւ՝ «Տըլէ եամա՜ն, Արեւ դիպա՜ւ Մասիս սարի՜ն…»։ Աւագ Մասիսին գագաթը կ’երեւէր հեռուն։ Փոքր Հայաստանը համբուրած՝ Արեւը այս կողմի մշուշները ցրելու կու գար ու Աւագ Մասիսի լանջերէն կը ծագէր։ Շողերը կ’անցնէին շեղակի, իսկ անոր կրտսեր եղբայրը հաւատարմօրէն կ’ուղեկցէր խումբը՝ հրավառութեան մէջ լողալով։
– Պարո՛ն Արտօ, նայէ՛, նայէ՛, Փոքր Մասիսը որքա՛ն գեղեցիկ է, արեւը ետեւէն կը զարնէ ու կարծես երազային է,- կանչեց ետեւէն եկող երիտասարդ կինը։
– ……….
Որքա՜ն աղքատիկ կը թուին այս հարուստ լեզուին շտեմարանները՝ հոս Գեղեցիկը սահմանելու համար։ Հեքիաթ էր շուրջը. հեքիաթ կը մաղուէր երիտասարդ հայորդիներու հոգիներուն մէջ եւ մեղր ու լեղի՝ հայեացքներուն։ Անոնք՝ մանչ ու աղջիկ, երբեմն խորասոյզ՝ մեքենայօրէն կը հետեւէին առաջնորդի հրահանգներուն, երբեմն հեքիաթէն կ’արթննային պահիկ մը, հոգեցունց կերպով զգալու համար, թէ ո՜ւր էին, թէ լեռ չէր այդ ուր կ’ելլէին իրենք…բայց ո՞վ էին իրենք լերան համար եւ ո՞վ էր ան իրենց համար. ինչո՞ւ եկած էին հոս, ինչո՞ւ որեւէ լեռ, որ մագլցած էին՝ հոգիի այս տաժանքն ու խայտանքը չէր տուած իրենց, ինչո՞ւ իբրեւ ուխտաւո՛ր ու հի՛ւր եկած էին իրենց ապուպապերուն այս սրբազան հողը, որուն ամէն մէկ քարն ու բոյսը կը խօսէր իրենց հոգիներուն, ինչո՞ւ կը փորձէին անգիտանալ քիւրտին ինքնամատոյց ներկայութիւնը հոն, եւ մանաւանդ՝… ինչո՞ւ հեռացած էին հոնկէ… ու բառեր չունէր շարունակութիւնը։
Ծերը, այդ գիտելիքի ամբողջ բեռով կեանքի ուղի քալած ու կքած անոր տակ՝ հոն իր երազը կ’որոնէր։ Իսկ չէ՞ որ երիտասարդներուն յատուկը երազանքն է ու ոչ՝ երազը։ Ու ծերը երբեմն գորովով կը նայէր իրմէ առաջ քալող երիտասարդին, որ բանաստեղծ հոգի էր անկասկած։ Ան ամէն վայրկեան կ’արձագանգէր լերան խորքերէն եկող տրոփիւնին, մերթ կը խնդար, կը քրքջար ու մերթ կը պարուրուէր իր երազանքով։  Ան ալ հեռաւոր երկրէ մը եկած էր իրեն պէս ու հոս իր հեքիաթի Արեւորդին կը փնտռէր։
«Մըր էրգիր կ’երթաս, իմ հօր ու մօր գերեզման կը գտնիս ու էնտեղուց ինծի ափ մը հող կը բերես, էնդուց ալ Մասիս կ’երթաս, Արեւորդին կ’ազատես իւր շղթաներէն, էնոր հետ կատար կ’ելլես, արեւուն ծնունդը կը դիտես ու մեր մենծ էրկիր կը տեսնաս։ Ապա կու գաս ու էն հող, էն քար վըր իմ շիրմիս կը թալես»,- երդուեցուցեր էր պապը ու ինք հիմա, իր եօթանասունին անոր տուած իր երդումին ետեւէն կ’ելլէր։ Ծոցագրպանին մէջ զիրար գտեր էին քարն Մասեաց ու հողն Էրգրի։
* * *
Առաջին գիշերուան բանակավայրը երեք հազար երկու հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ էր։ Խումբը վար դրաւ ուսաբեռները. քիւրտ ուղեկցորդը արձակեց բեռնակիր ձիերը։ Նստոտեցան գահավիժած քարերէ ազատած փոքր հարթութեան վրայ։ Մինչ կիներ «սեղան կը շտկէին»՝ տղաքը զուռնայի զիլ նուագին տակ սկսան լեռնական դիւցազուններուն պարը։ Մայրամուտի շողերէն գունագեղուած՝առասպելական ոգիներ էին անոնք, որ կարծես նոր արթնցած հողին մէջ իրենց դարաւոր քունէն՝ դանդաղ ու առաձգական շարժումներով սրբազան ծէս կը կատարէին՝ լերան աստուածներուն իբրեւ պաշտամունք։ Զսպանակուած ճօճումով առաջացող, ծունկերը թեթեւակի ճկող, ապա խրոխտաբար իրարու եկող երիտասարդ ու շքեղ մարմիններու առնացի գեղեցկութիւնն ու ներուժը,  ափերու բախումին բոմբիւնը, հեւքը, որով կու գային իրարու վրայ, կորովի ու նոյն ատեն զուսպ հրայրքը անսովոր ու տարօրինակ էր օտարներուն, որոնք «ճամբար» բառին տակ հանգիստ ու քուն կը հասկնային։ Թէ՛ անոնց ու թէ՛ քիւրտ ուղեկցորդին հասու չէր, որ հրաբուխներ կը ժայթքէին այդ երիտասարդ մարմիններուն մէջ, հոն իբրեւ պարտք նստած ապառաժներ իբրեւ հրահեղուկ կը գահավիժէին ու իրենց ջերմութեամբ կը հալեցնէին անոնց խրոխտ հոգիները։ Քիւրտը կը կրկնէր, թէ միայն հայերը այսպէս կը պարեն ու խենթ բացագանչութիւններ կ’ընեն վերելքին…միւսները դժուար լեռը կը բարձրանային լրջութեամբ։
Գիշերեցին վրաններուն տակ։ Երիտասարդներ կը խօսակցէին, կ’երգէին, կը խնդային կրակին շուրջ։ Աղջիկ մը լերան հետ կը խօսէր Շիրազին լեզուով ու խարոյկի լոյսին տակ ան մայր դիցուհի էր։ Ծերը կը փորձէր լերան զրոյցը լսել, բայց լեռը լուռ էր, ան իրեն ծանօթ լեզուն կը լսէր ու կը սպասէր հրաշքը։ Արեւորդւոյն շղթաներուն փշրուիլը կը սպասէր ու վիշապներուն արտաքսուիլը։ Բայց Ծերը իր կարօտէն զատ այլ զէնք չունէր, իսկ երիտասարդներու զէնքերուն ժամը դեռ չէր հնչած։
Ու կրկին գորովի տաք ալիք մը ողողեց ծեր մարդուն էութիւնը։ Այդ երիտասարդները Աղթամարի վանքին մէջ աղօթեցին այնպէս հանգիստ ու հպարտ, որ զիրենք լռեցնել ջանացող թուրք ոստիկանները անոնց համար բացարձակ թափանցիկ էին ու անտեսանելի։ Թուրք պաշտօնեան անոնց առջեւ կեցած՝ կը ծափէր, ձեռքերով լռելու նշան կ’ընէր ու իր գիտցած հաւանաբար միակ անգլերէն բառը կը կրկնէր՝ «Proble՛m olr… Proble՛m olr…», առանց հասկնալու, որ այդ երիտասարդներուն համար հոն եթէ կար Proble՛m, այդ ինք էր միայն, իր ներկայութիւնը հայոց սրբարանին մէջ, իսկ աղօթքը ամէնէն բնական բանն էր որ կ’ըլլար։ Մինչ ան երգողներէն մէկէն միւսը կ’անցնէր լռեցնել փորձելով՝ անոնք, առանց զինք նկատելու, հպարտութեան խորհրդանիշ անդրիներու նման՝ կ’ոգէին աղօթքը ու անոնց հայեացքները, հոգիներուն հետ՝ կը սաւառնէին գերի վանքին կամարներուն տակ, հոն գտնելով նախնեաց հոգիները։
… Ծեր մարդը յոգնած պառկեցաւ, բայց երկար ատեն երիտասարդական ձայներ կը լսէր ու կը ժպտէր մութին մէջ։
Ու խորախորհուրդ գիշերին երկունքէն ծնաւ այգաբացի ցօղաթաթախ հմայքը։ Ասդին-անդին ամպեր գրկած ու մշուշներէն յառնող սարակներ, ճերմակ լիճեր դարձած ծործորներ, մշուշներէն լոգանք առած փոքր Մասիսին գագաթին բազմերանգ շողշողիւնը դիմաւորեցին արթնցողները. ո՞վ ննջել կրցած էր։
* * *
Երկրորդ ճամբարը չորս հազար երկու հարիւր բարձրութեան վրայ էր, ուրկէ կը սկսէր յաւերժական սառոյցին իշխանութիւնը։
Լուսնին լոյսը անբնական պատկերներ կ’ուրուագծէր, ժայռաբեկորներ դեւի կերպարանք կ’առնէին։ Հեռուն երեւցող Պայազէտին լոյսերը Ծերին միայն «Խենթ»-ին խօսքերուն արձագանգը կը բերէին, ժանգոտած սուրի մասին կը խօսէին։ Վարը, դաշտին վրայ սփռուած աստղերուն նայելով կը խորհէր, թէ յիշատակներով շնչող այս հողին վրայ խաղաղ ննջող քիւրտեր իրենց երազներուն մէջ երբեք հոն շրջող հայերու հոգիները չէի՞ն տեսներ, թէ՞ հոգիները եւս լքեր էին պապերուն հողը։ Բնաւ չէին երեւեր Արարատեան դաշտի այն փոքրիկ շերտին լոյսերը, ուր քնացածները ամէն առտու իրենց հայեացքը երբ բարձրացնեն Արարատին վեհութեան դէմ՝ պապերու հոգիներուն կը հանդիպին ու Արարատի սպասողական հայեացքին։
Սառցադաշտը, որ ցերեկուան արեւէն հասցուցեր էր տաքնալ, կը սեղմուէր կրկին արտասովոր ձայներով, ճայթիւններով։
-Պապի՛կ, այս ի՞նչ ձայներ են,- հարցուց աղջիկ մը ու պապիկը կարծես այդ կը սպասէր։
– Ընդերքին մէջ պայքար է, աղջիկս, վիշապներ ու օձեր կը սուլեն, կը ֆշշան, խեղդել կը ջանան բարի արքայորդին, որ անոնց դրած շղթաները կտրտել կը փորձէ ։
– Օ՜, պապիկ, դուն առասպել կը պատմես,- խնդաց աղջիկը։
– Ո՛չ, առասպել չէ, Արքայազնը վիհէն ելլել կը ջանայ արդէն դարեր, բայց տակաւին շատ են վիշապազուն դարբինները.անոնք կը զարնեն սալերուն, որ ամրացնեն շղթաները, քանի որ Արեւորդիին ազատագրումը իրենց խաւարումը պիտի ըլլայ։
Աղջիկը, գլուխը ծերին ուսին յենած, կը ժպտէր մութին մէջ։
* * *
Վերջին վերելքը՝ մութով, արեւածագը գագաթին դիմաւորելու համար։ Լապտերները-ամրացուած իւրաքանչիւրի գլխուն- գիշերուան ահասարսուռ խաւարին մէջ հազիւ անմիջական շրջապատը կը լուսաւորէին ու լռութեան մէջ քայլող մարդիկ ուրուականներու կերպ ունէին։ Մինչդեռ աստղերը գլխավերէն կ’ուղեկցէին։ Վերելքը հետզհետէ կը դժուարանար, ու մութին մէջ, քայլերու խշրտիւնին հետ, ոմանց ծանր հեւքը կը լսուէր։ Վերջին կամքն է որ կը լարուէր, վերջին ուժերն է որ ոգին կը ծնէր ու առաջ կը մղէր նոյնիսկ յուսահատները։
 Ծերը ոտքերը դժուարաւ կը շարժէր. ծունկերը կարծես կաւէ ըլլային։ Երբ լեռնագնացի կատուիկները դժուարաւ կը հանէր սառոյցէն յաջորդ քայլը դնելու համար, կը զգար, որ իւրաքանչիւր քայլ կրնար մարմնին վերջին ճիգը ըլլալ. շունչը առաւել կը դժուարանար. օդը կը պակսէր։ Քամին երեսին բաց մասերը կ’այրէր. հակառակ կրկնակի ձեռնոցներուն՝ մատներուն ծայրերը կը սառչէին։ Կը հեւար. կուրծքը կը սեղմուէր. գլխուն մէջ անտանելի ցաւ սկսաւ. իւրաքանչիւր քայլը փոխելուն մտքին մէջ կը կշռէր, թէ դեռ որքան կրնար տոկալ. ու սակայն կը շարունակէր վերելքը. Պապուկին հոգին իր վերադարձը կը սպասէր. այն հեռու երկրին խորթ հողին մէջ մարմինը հանգիստ պիտի չ’ըներ, մինչեւ որ հայրենի հողէն պտղունց մը, ափ մը գար ու հարազատ բոյրեր բերէր։
– Եթէ շունչս չբաւէ, եթէ ոտքերս մերժեն առաջ երթալ, կը խնդրեմ, զիս դուք վեր հանեցէք, ես ուխտ ունիմ, ես գագաթ պիտի հասնիմ,- կը դիմէր «բանաստեղծին»։
– Դուք կրնաք, հայրի՛կ, չէ՞ որ այս հողը ձեզի ուժ կու տայ,- արդէն լուրջ պատասխանը կը լսէր ու կը շարունակէր գագաթն ի վեր մագլցել։
Ու յանկարծ աղաղակի նմանող երգը՝ «Երկնէ՜ր երկին, երկնէ՜ր երկիր, երկնէ՜ր եւ ծո՜վն ծիրանի…»։ Վահագն կը ծնէր… Առջեւէն գացողը թեւերը լայն բացած՝աւետիսը կը հնչեցնէր. քանի մը քայլի վրայ էր գագաթը։ Ու այդ քանի մը քայլը իրեն հետ բերաւ ամէնէն շքեղ արեւածագը, որ երբեւէ կրնայ գոյութիւն ունենալ երկրագունդին վրայ։ Լեռը բաց էր մինչեւ փէշերը, մինչդեռ Հայոց աշխարհի հեռաստանները մշուշուած էին։ Արեւը կը ծագէր Երեւանէն ու լերան հսկայական շուքը սքանչելի բուրգի տեսքով՝ բազմեր էր իր իսկ փէշերուն, ստեղծելով կրկնակ գագաթներ։ Փոքր Մասիսը այնքան մօտ էր, որ բարեւի մը ձայնը կը հասնէր հոն՝ եթէ Ձէնով Օհանը կանչէր։
Պահ մը ամէնքը քարացան. սրբազան դող մը կը փոխանցուէր մէկէն միւսին. լռութեան մէջ, առանց հաղորդակցուելու ամէն ոք հասկցաւ զինք յուզող հարցին պատասխանը՝ ի՞նչ էր այս վերելքը իրեն համար։ Երիտասարդ մը, որ բարձրագոյն կէտին կոխած էր, յանկարծ այնպէս աղաղակեց, որ կրնար ստորոտէն լսուիլ, ապա խենթի պէս թաւալգլոր տուին երկուքը, ամուր փաթթուեցան իրարու եւ անոնց սեւ մօրուքներուն վրայ իջան սեւ աչքերէն բխող առուակներ։ Ոմանք լուռ ու ներհուն՝ կը դիտէին հեռուները, ուրիշներ անմիջապէս հանեցին դրօշակներ, ու Հայոց խորհրդանիշը տէր դարձաւ գագաթին, թերեւս խոստում ունենալով պարզողին համար։ Ամերիկացիին հածող հայեացքը տակաւին տապանը կ’որոնէր, եւրոպացիներ չափումներ ու հաշուարկներ կ’ընէին։ Իսկ Հայեր ծագող Արեգակի շողերով պլլուած, լիցքաւորուելով սառոյցներու տակէն իրենց փոխանցուող ջերմութեամբը հողին, գինովցած, վերացած ու աներկրային՝ լուռ կամ լսելի ձայներով օրհներգ կը մրմնջէին իրենց աստուածներուն։
Ի վերջոյ Ծերը ոտք կոխեց գագաթին. վերջինը։ Իջաւ ծունկերուն վրայ, հակեց գլուխը սառոյցին ու քարացաւ.կ’աղօթէ՞ր, թէ՞ կուլար։ Ապա կեցաւ շիփ շիտակ, լայնօրէն բացաւ թեւերը ու հեթանոսական ջերմեռանդութեամբ ողջունեց ծագող Արեգակը։ Հովէն թեթեւ երերալով՝ ծոցէն հանեց ճերմակ լաթ մը, զոր խլեց քամին ու բացաւ լայնօրէն։ Ու լերան քամին լերան ոգիին համար ծածանող լաթին վրայ կարդաց ծուռումուռ գիրերով գրուածը՝ «Մը՛ր Էրգիր»։
Այդպէս ուղղաձիգ կեցած՝ ան մրմունջով կը խօսէր Պապուկին հոգիին հետ, կը լսէր իր հոգիին նուագը ու կը զգար, թէ անեզր բերկրանքին հետ՝ ծիրանափողի մեղեդին թախիծ կը մաղէր իր հոգիին վրայ։ Նոյնը կարդաց արիւնակիցներու աչքերուն մէջ ալ՝ արցունքներ բերկրանքի ու լուսեղէն թախիծ՝ երազի։ Մասիսով մի էին իրենք։ Երգն ու արցունքը միաձոյլ. գագաթին պարգեւը…
… Շղթայուածին խուլ մռնչիւնը կը զրնգար վիհերէն ու լսելի էր միայն Արեւորդիներուն …
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Լալա Միսկարեան-Մինասեան