Չորեքշաբթի, 1 Փետրուարին Արցախի կառավարութեան տեղեկագիրին համաձայն Արցախի շրջափակման 52-րդ օրն էր։
Շրջափակման հետեւանքով կենցաղային տագնապալի վիճակը կը շարունակուի: Ելեկտրական հոսանքը օրական 6 ժամով կ՛անջատուի, մթերքի հիմնական տեսակները կտրօնով կը վաճառուին, առկայ է դեղորայքի պակաս: Կազամատակարարումը թէեւ վերականգնած է, բայց ուժանիւթի համակարգի մեծ ծանրաբեռնուածութեան պատճառով կազ ունին միայն Ստեփանակերտի բնակիչները: Նախանցեալ օր դասաւանդումի հոլովոյթը թէեւ վերականգնած է, բայց մանկապարտէզները կը շարունակեն փակ մնալ:

Երեքշաբթի, 31 Յունուարին, կառավարութեան գործադիր շտապի նիստին յայտարարուած է որ կտրօնային համակարգի ներդրումը որոշակի չափով մեղմացուցած է պարենային խնդիրը Արցախի մէջ, սակայն շրջափակման հետեւանքով բնակչութիւնը կը շարունակէ զրկուած մնալ շարք մը կարեւոր ապրանքատեսակներ ձեռք բերելու կարելիութենէն:
Ինչ կը վերաբերի պենզինի եւ վառելանիւթի շուկային մէջ առկայ իրավիճակին, ապա զեկուցուցած է, որ առկայ է պաշարներու սղութիւն եւ կարեւոր նկատուած է խիստ խնայողական դրութեան պահպանումը:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են նաեւ գարնան գիւղատնտեսական աշխատանքներու նախապատրաստական եւ գարնանացանի կազմակերպման հարցեր:
Նոյն օրը, Արցախի շտապը յայտարարած է որ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ 19 մարդ Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան՝ ընտանիքներուն վերամիանալու համար։
Արցախէն Հայաստան հիւանդներու եւ շրջափակման պատճառով ընտանիքներէն կտրուած անձերուն տեղափոխումը կը շարունակէ իրականացուիլ բացառապէս Կարմիր Խաչ միջազգային կոմիտէի միջնորդութոամբ եւ ուղեկցութեամբ։
Նշենք, որ շրջափակման 48-րդ օրը 47 օր շարունակ իրենց ընտանիքներէն հեռու մնացած մանուկները տուն՝ Արցախ, վերադարձած են Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ:
_Արցախի պետական նախարար, գործնական շտապի պետ Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերու մէջ հանդիպումներ ունեցած է բնակչութեան հետ:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին համայնքներու, Ստեփանակերտի մէջ հանրային հանդիպումներու ընթացքին Ռուբէն Վարդանեան խօսած է այն մարտահրաւէրներուն եւ հարցերուն մասին, որոնց պետութիւնն ու հասարակութիւնը կ’առերեսուին ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով:
Հանդիպումներուն մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ոչ մէկ շրջափակում չի կրնար կտրել հայրենի հողին վրայ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը: