Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկ Կազմակերպութեան տնօրէն, երկրչփ. Խալէտ Հըպուպաթին։
31 Յունուարին տեղի ունեցած այս հանդիպումին ընթացքին Հըպուպաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին ընդունելութեան համար, ապա ներկայացուց Սուրիոյ տագնապին լոյսին տակ ժողովուրդին ծանր վիճակը, յայտնելով, որ Սուրիոյ մէջ միլիոնաւոր քաղաքացիներ կարողութիւն չունին ապրուստի հիմնական իրենց կարիքները ապահովելու։ Ան աւելցուց, որ մարդասիրական օժանդակութիւններու կարիքը կ’աւելնայ այնքան ատեն, որ տնտեսական տագնապը կը սաստկանայ՝ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով, յատկապէս ձմրան ցուրտ եղանակին լոյսին տակ։ Հանդիպումին աւարտին, Պապը շեշտեց, որ Սուրիան իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ, խնդրելով Ամենակալէն, որ Սուրիան դառնայ իր  խաղաղ ու բարգաւաճ օրերուն։ Պապը յայտնեց նաեւ Սուրիա կրկին այցելելու իր բուռն փափաքը։
Յիշենք, որ Հըպուպաթի Ռոմա տուած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Կարմիր Խաչ եւ Կարմիր Մահիկ Միջազգային կազմակերպութեանց  նախագահ Ֆրանչեսքօ Ռոքքայի եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։