Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներով Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտեան երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 812-ի, վիրաւորներունը՝ 1449-ի։

Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Համայի մէջ երէկ գիշեր մինչեւ առաւօտեան միչիմ ուժգնութեամբ յետ-ցնցումները շարունակուեցան, իսկ առաւօտեան Թուրքիոյ Մարաշ նահանգին մէջ տեղի ունեցած 5,6 ռիխթըր ուժով մէկայլ երկրաշարժին հետեւանքով ցնցուեցաւ յատկապէս Քեսապը։