Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեան Իմարաթի զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին։
Ալ-Նահեան նախագահ Ասատին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց Սուրիան ցնցած երկրաշարժին հարիւրաւոր զոհերուն առիթով, շեշտելով, որ Էմիրութիւններ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու։