Արեան եւ բժշկական արդիւնաբերութիւններու պետական հաստատութիւնը յայտարարութեամբ մը հաստատեց պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին ճամբով սփռուած յայտարարութիւնը, նշելով, որ վատառողջ պարագաներու արեան կարիքի պարագային, պետական կեդրոնները պատրաստ են ապահովելու անհրաժեշտ արիւնը։
Այս առիթով, արեան եւ բժշկական արդիւնաբերութիւններու պետական հաստատութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց արեան տուչութեան նախաձեռնող բոլոր քաղաքացիներուն եւ ժողովրդային հաստատութիւններուն։