Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած օդանաւ մը ուղարկեց Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան, որպէսզի տրամադրուին Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն վնասուածներուն։
Օգնութիւնները կ՚ընդգրկեն սննդեղէն եւ բժշկական պիտոյք։
Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպան Մահտի Սուպհանի Իրանի անունով խորին ցաւակցութիւններ յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին։