Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին միջոցաւ յայտարարեց 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի պաքալորիայի եւ միջնակարգի պռովէյի պետական քննութիւններուն թուականները։
Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պաքալորիայի պետական աւարտական քննութիւնները՝ գիտական, գրական, կրօնական եւ այլ ճիւղերով, ընթացք պիտի առնեն Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ին, իսկ աւարտին պիտի հասնին 24 Յունիս 2023-ին՝ գրական իրենց բաժինով, 26 Յունիս 2023՝ գիտական բաժինով։
Նախարարութեան համաձայն պռովէյի պետական քննութիւնները ընթացք պիտի առնեն Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023-ին, աւարտին պիտի հասնին 25 Յունիս 2023-ին, իսկ կրօնական բաժինի քննութիւնները՝ 26 Յունիս 2023-ին։