Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի քարտուղարի յատուկ բանագնաց Կիր Պետրսըն շեշտեց, որ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելը առաջնահերթութիւն պէտք է համարուի։
Պետրսըն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակի հարցը քաղաքականացումէ զերծ պահել, աւելցնելով. «Հիմա յարմարագոյն պահն է բոլոր կողմերուն համար՝ երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն եւ տուժած ընտանիքներուն օգնութիւններ տրամադրելու եւ դէմ դնելու այս առումով յառաջացող բոլոր խոչընդոտներուն»։
Այս առիթով, Պետրսըն գնահատեց սուրիական կառավարութեան կողմէ հիւսիսարեւմտեան շրջան տանող միջանցքներու բացումը, որպէսզի տեղւոյն քաղաքացիները եւս օգտուին Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւններէն։