Սուրիական Կարմիր Մահիկի Հալէպ մասնաճիւղի կամաւոր խմբակը կը շարունակէ երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած շէնքերուն փլատակները վերցնել եւ անոնց պատճաով փակուած ճամբաները բանալ, որպէսզի դիւրանայ շտապ օգնութեան եւ քաղաքային պաշտպանութեան խմբակներու ինքնաշարժներուն մուտքը այդ շրջաններ։
Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկը յայտարարեց, որ 6 Փետրուարէն մինչեւ 26 Փետրուար Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժած ընտանիքներուն 2. 464. 000 ծառայութիւն տրամադրած է՝ 1211 շտապ օգնութեան, 53700 բժշկական, 13700 ջուրի մատակարարման եւ նորոգութիւններու, 57000 ընկերային եւ 53500 օրինական հարցերու ծառայութիւն։