Մարտ ամսուան երրորդ շաբթուան ընթացքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի օրհնութեամբ եւ Թեմի Նպաստից Մարմինի գլխաւորութեամբ, «Together» ծառայութեան ներկայացուցիչները Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս սննդեղէնի օժանդակութիւն բաժնեցին շուրջ 250 ընտանիքներու։

Սրբազան Հայրը այցելելով օրհնեց «Together» ծառայութեան ներկայացուցիչները եւ գնահատեց Սուրիոյ պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեանին այս ուղղութեամբ տարած աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։