Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան անդրանիկ այցելութիւն տուաւ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոց, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, երէցկիներուն, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ:
Սրբազան Հօր ներկայութեամբ կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմն ու աշակերտները միասնաբար «Տէրունական Աղօթք»-ը արտասանեցին, ապա կիրակնօրեայ դպրոցներու քայլերգը երգեցին:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը հովանաւորեց կիրակնօրեայ դպրոցի մանկապարտէզի աշակերտներուն մայրերու օրուան տօնակատարութեան, «Գ. Եսայեան» մուտքի սրահէն ներս, աշակերտներու ծնողներուն ներկայութեամբ:

Շուրջ վաթսուն աշակերտներ հանդէս գալով ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ պատրաստուած էր կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի երէցկին Սեդա Շաքարեան-Զերենցեանի գլխաւորութեամբ եւ ուսուցչական կազմին հետապնդումով: Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց աղօթքներ, շարականներ, հոգեւոր երգեր, մայրերու տօնին նուիրուած թատերական ներկայացումներ եւ կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս աշակերտներուն սորված եկեղեցական եւ աստուածաշնչական գիտելիքներ:

Սրբազան Հայրը հոգեկան ցնծութեամբ իր սրտի խօսքը արտասանելով, փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ այս առիթը ստեղծելուն համար եւ շնորհաւորելով բոլոր մայրերը՝ իր շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքը ուղղեց անոնց, յիշելով, որ անոնք ամէն զոհողութիւն յանձն կ’առնեն իրենց զաւակներուն հայեցի-քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ապահովելու համար:
Մակար Սրբազան գնահատեց կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանը, երէցկիները եւ ուսուցչական կազմը, որոնք միասնաբար աստուածահաճոյ ծառայութեամբ մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքները կը սերմանեն նոր սերունդի զաւակներուն մէջ:

Ապա, յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ իրենց ծնողքներուն հետ:
Աւարտին կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ, Սրբազան Հօր տարեդարձին առիթով: Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը Սրբազան Հօր մաղթեցին առողջ, արեւշատ տարիներ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս ծաղկուն տարիներու ծառայութիւն: