Արցախի ու Հայաստանի սահմանները պաշտպանող մեր քոյրերն ու եղբայրները կենաց մահու կռիւ կը մղեն:  Ատրպէյճան, արհամարհելով բոլոր համաձայնութիւններն ու մարդկային իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները, բռնի ուժի կը դիմէ, կը շրջափակէ Արցախը ու կը փակէ զայն արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը:
Տակաւին ամէն սադրանքի կը դիմէն, որպէսզի արցախցին ապրուստի կենսական պայմաններէ զրկուելով  լքէ իր պապենական հողը:
Այլ խօսքով Ատրպէյճան քայլ առ քայլ Արցախը դատարկելու, արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքը մոռացութեան մատնելու եւ արցախցիները ցեղասպանութեան ենթարկելու ծրագիրը կ’իրականացնէ օգտուելով տարածաշրջանի լարուած կացութենէն:
Ատրպէյճանի յենարան հանդիսացող երկիրները, սակայն, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի օրերու կացութեան մէջ չեն այսօր: Անոնք իրենց ներքին հարցերով տարուած են ու պիտի տարուին յառաջիկայ ամիսներուն։ Իսրայէլի ամէնէն խոցելի շրջանն է, ներքին հարցեր եւ հրթիռակոծումներ արաբական մէկէ աւելի ճակատներէ, որոնք կրնան բռնկիլ։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին զգուշաւոր մօտեցում, տարածաշրջանի երկիրներու հետ, ինչպէս Սուրիոյ եւ Հայաստանի, յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձ։ Նաեւ Իրանի զինուորական ներկայութեան շեշտակի աճ Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Արցախը դիմանալու եւ փրկութեան իր բանաձեւը գտնելու տուեալներ ունի։
Մեր՝ սփիւռքահայերուս, զօրակցութիւնը Արցախին կարեւոր է այս փուլին, որպէսզի արցախահայութիւնը պինդ մնայ իր հողին վրայ ու շարունակէ իր պայքարը:
Զօրակցութիւն քաղաքական տարբեր լծակներու օգտագործումով ու Արցախի հարցին բարձրաձայնումով միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ:
Զօրակցութիւն, որ կը բարձրացնէ մեր միասնակամութեան ոգին:
Զօրակցութիւն, որ զգալի կը դարձնէ արցախցիին, որ ինք այս պայքարին մէջ առանձին չէ, իր կողքին են ողջ աշխարհի իր ազգակիցները:
Զօրակցութիւն՝ Արցախի դատին արդարացիութեան խօսնակները դառնալու:
Զօրակցութիւն՝ բացայայտելու Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութիւնը, անմարդկային արարքներն ու ոճիրները ողջ աշխարհին:
Ու եթէ պատերազմական ճակատի վրայ  արդիական զէնքն ու արիութիւնը կը խօսին, միջազգային հարթակներու վրայ՝ դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական արեւելումներու ճկունութիւնը, ժողովրդային մակարդակի վրայ Արցախի զօրակցական բազմամարդ հաւաքները համախմբուելու եւ յանուն Արցախի պայքարին մեր կարելիութիւնները մէկտեղելու կոչ կրնան դառնալ ճակատագրական այս օրերուն: