ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Twitter-ի պաշտօնական միքրոպլոկին մէջ յիշուած է, որ Պաքուի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումէն 150 օր անց ակնյայտ է, որ Ալիեւ մարդկային ճգնաժամ ստեղծած է եւ անջատած է կարեւոր ենթակառուցուածքներու ելեկտրական ուժանիւթը։
«Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նկատմամբ պատժամիջոցներու հարցը պէտք է քննարկումի առարկայ ըլլայ, եթէ մենք ճնշում կը գործադրենք Լաչինի միջանցքը բանալու համար», ըսուած է գրառումին մէջ: