Թուրքիոյ մէջ Կիրակի, 14 Մայիսին՝ առաւօտեան ժամը 08։00-ին, մեկնարկած են նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Քուէարկութեան գործընթացը կ՚աւարտի ժամը 17։00-ին։

«Էրմէնիհապէր»-ին համաձայն, ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 60 միլիոն 697 հազար 843 ընտրող։ Առաջին անգամ քուէարկութեան կ՚ուղղուի 4 միլիոն 904 հազար 672 ընտրող։ Դատապարտեալ ընտրողներուն թիւը 53 հազար 172 է։

Նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած է 3 թեկնածութիւն. Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան («Ժողովուրդ» դաշինք), Քեմալ Քըլըչտարօղլու («Ազգ» դաշինք) և Սինան Օղան («Նախնի» դաշինք)։ 11 Մայիսին նախագահի չորրորդ թեկնածուն՝ «Երկիր» կուսակցութեան առաջնորդ Մուհարեմ Ինճէն յետս կոչած է իր թեկնածութիւնը, սակայն անոր անունը կը մնայ քուէաթերթիկին վրայ։

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի 24 քաղաքական կուսակցութիւն և 151 անկախ թեկնածու։

Նշուած քաղաքական կուսակցութիւններուն մէկ մասը ընտրութիւններուն կը մասնակցի 5 առանձին դաշինքով՝ «Ժողովուրդ», «Ազգ», «Նախնի», «Աշխատանք և ազատութիւն», «Ընկերվարական ուժ միութիւն»։

«Ժողովուրդ» դաշինքին մէջ կը մտնեն «Արդարութիւն եւ Զարգացում», «Ազգայնական Շարժում», «Նոր Բարօրութիւն» եւ «Մեծ Միասնութիւն» կուսակցութիւնները:

«Ազգ» դաշինքին մէջ կը մտնեն «Հանրապետական ժողովրդական», «Լաւ», «Ժողովրդավարութիւն և Յառաջընթաց», «Երջանկութիւն», «Ապագայ», «Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնները։

«Աշխատանք եւ Ազատութիւն» դաշինքին մէջ կը մտնեն «Կանաչներու և Ձախ Ապագայ», (կրճ. ՝ «Կանաչ Ձախ»), «Թուրքիոյ Աշխատաւորական», «Աշխատանք» կուսակցութիւնները։ «Կանաչ Ձախ» կուսակցութեան ցուցակներով ընտրութիւններուն կը մասնակցի քրտամէտ «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը, որ փակման վտանգի տակ է։

Եթէ նախագահի թեկնածուներէն որևէ մէկը չհաւաքէ 50%+1 ձայն, ընտրութեան երկրորդ փուլը կ՚իրականանայ եւ կը մրցին ամենաշատ ձայն հաւաքած առաջին երկու թեկնածուները։