105 տարի առաջ թրքական բարբարոս բանակը իր վերջին յարձակումով ուզեց վերջ տալ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստան եւ հայ անունները։ Ան կը գտնուէր ﬔր սահմաններուն՝ սկսած գործը շարունակելու, բայց հանդիպեցաւ հայ ժողովուրդի յամառ կամքին՝ Արարատի նման ցցուած իր առջեւ: Եւ հայը յաղթեց այս բոլորին: Ան ետ մղելով թշնաﬕն՝ ծունկի բերաւ զայն Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն, ապահովեց իր յաղթանակը, փրկեց իր երկիրը եւ ժողովուրդը:
Հայաստան անկախ դարձաւ 28 Մայիս 1918-ին: Այդ օրը դարձաւ ﬔր պատմութեան հին եւ նոր տօներու ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն յատկանշականը: Այս թուականին պատմական ﬔծակշիռ իրագործումը իր տեսակին մէջ պիտի ﬓայ աննախնթաց, անբացատրելիօրէն էական անհրաժեշտութիւն մը՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան համար: Յատկապէս Հ.Յ.Դ գործիչներու եւ ֆետայիներուն ներդրումը ﬔծ է այս գործընթացին մէջ:
Մայիս 28-ը անցեալ է, որովհետեւ անոր մէջ խտացած է ամբողջ դարաշրջան մը` պայքարի, բռնադատութիւններու, պարտութիւններու, նախճիրներու, հայրենիքի ﬔծ մասին կորուստի, սակայն նաեւ` հերոսամարտերու եւ զարթօնքներու:
Մայիս 28-ի Հայաստանը կերտուեցաւ ﬔր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մութ տարիներուն քոﬖ ի վեր: Անիկա փաստացի ոտնակոխուﬓ էր ցեղասպանին ծրագիրներուն եւ հայասպանութեան ոճիրին:
Մայիս 28-ը անցեալ է, որովհետեւ այդ փուլին է, որ հիմը դրուեցաւ ﬔր արդի բանակին, պետական համալսարանին, սեփական դրամով կառուցուելու կոչուած տնտեսութեան, մշակոյթի տարբեր մարզերուն պետական հոգածութեան ու դեռ` բազում իրագործուﬓերու, որոնք շօշափելի իրականութիւն կը դառնան ﬕա՛յն ԱՆԿԱԽ եւ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ պետութեան մը հողին վրայ:
Անցեալ է` որովհետեւ Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի հանրապետութիւնը, պետական բարձրագոյն որոշումով, ժողովուրդի ﬕացեալ կամքը մարﬓաւորող խորհրդարանի քայլով վերաﬕացուց հայութեան արեւելեան ու արեւմտեան հատուածները:
Անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն էր, որ ժողովրդավարութիւն հասկացողութիւնը իր ամէնէն արդիական կենսագործումը գտաւ ﬔր փոքրիկ հայրենիքին մէջ, պետական մակարդակի վրայ մէկտեղելով հայութեան այդ օրերու գործօն ուժերը, որոնք, գաղափարական տարբերութիւններ ունենալով հանդերձ, իրենց ձեռքերը ﬕացուցին հայրենիքի վերականգնուﬕ գործին մէջ:
Մայիս 28-ը նոյնքան մըն ալ ﬔր ներկան է, որովհետեւ այսօրուան անկախ Հայաստանը` իր անկախութիւնը 1920-ին կորսնցուցած եւ 29 տարի առաջ վերագտած Հայաստանը, անվիճելի ժառանգորդն ու կտակարարն է 1918-ի հանրապետութեան` իր բոլոր ստորոգելիներով:
Ազատագրուած ու Հայաստան-Արցախը կազմող այսօրուան տարածքները պատմականօրէն հայապատկան են: Ինչպէս որ Գետաշէնն ու Շահուﬔանը, Նախիջեւանը, Արծուաշէնի շրջակայքը իբրեւ բաց մուրհակ ﬔր ձեռքին ունինք Ազրպէյճանի դիմաց, նոյնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մուրհակները ﬔր ձեռքին կը պահենք ընդդէմ Թուրքիոյ:
Մայիս 28-ի արժէքը ﬔր ներկային մէջ կ՛իմաստաւորուի նաեւ այն պատգամով, թէ` պէտք է տէրը կանգնինք, տէրը դառնա՛նք ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ, իր Արարատով ու Վանով, Մուշով, Նեմրութ ու Սիփան սարերով:
28 Մայիսը առաւելաբար ﬔր ապագան է, որովհետեւ եթէ անցեալ 3 տասնաﬔակներուն որոշ չափով եղանք գործնական հաւատարմատարը անկախութիւնը արարողներու սերունդին ու սրբազան կտակին, ﬔր դիմաց ունինք երկար ճամբայ, «անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ»:
Մեր անցեալի ու ժամանակակից նահատակները արդար պահանջ մը ունին բոլորէ՛ս, որպէսզի փոխադարձ հանդուրժողութեան աստիճաններուն վրայ քանի մը քայլ բարձրանանք, կարենանք ստեղծել բազմակարծութեան փունջ-Հայաստան մը:
Չմոռնանք, որ Մայիս 28-ի Հայաստանը մարﬕն առաւ ի չգոյէ: Անկախ հանրապետութիւնը արարողները մօտաւորապէս անկարելի առաքելութիւն մը վերցուցած էին իրենց ուսերուն: Անոնց իրականացուցա՛ծն է, որ, ի վերջոյ, ուռճացում ապրեցաւ ﬕնչեւ անդրանիկ հանրապետութեան անկումը, նոյն այդ անդրանիկ հանրապետութեա՛ն ժառանգութիւնն է, որ նոր տարածք ստացաւ Արցախեան պայքարով եւ իբրեւ սրբազան պատգամ` պիտի հասնի ﬔր նոր սերունդներուն:
Մայիս 28-ով ծայր առած գիծը, այսօր դարձեալ ուժեղ գոյներով կ՛երեւի ﬔր հայրենիքի կեանքին մէջ, դէպի Հայաստան կը բեւեռէ ողջ հայութեան հայեացքները` արտերկրի մօտակայ թէ հեռաւոր օճախներէն:
ՀՅԴաշնակցութեան պայքարը ամէն տեղ է, պիտի շարունակուի ի սէր հայ դատին, ժողովուրդին ու հայրենիքին։
Հուսկ՝ բոլորս կը հաւատանք թէ Հայրենիքի Դաշտերուն վրայ կրկին պիտի բացուին կարﬕր կակաչները, որոնք հոգի պիտի առնեն՝ յարատեւ պահելու պաշտպանելու հայ ժողովուրդը ազատ անկախ հայրենի հողին վրայ:
Շնորհաւո՛ր Անկախութեան տօնդ, Հայրենիք՛։
Փա՛ռք ու պատի՛ւ հայ ժողովուրդի ազատատենչ պայքարին։
Փա՛ռք ու պատի՛ւ անկախութիւն կերտող սերունդին։
Փա՛ռք ու պատի՛ւ ﬔր բոլոր նահատակներուն: