«Մեր նպատակը Ատրպէյճանին դէմ յանդիման հակաատրպէյճանական ցոյց ընելն է», «Փաստինֆոյի» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Կամաւորական շարժում» ՀԿ նախագահ Հրանդ Մարգարեան՝ անդրադառնալով Կոռնիձորի մէջ 20 Մայիսին հանրահաւաք իրականացնելու նախաձեռնութեան։

Հրանդ Մարգարեանի խօսքերով՝ հաւաքը որոշած են սահմանը իրականացնել, քանի որ միջանցքը փակուած է, եւ մեր կապը խզուած Արցախի հետ։ «Հայ ժողովուրդը պէտք է ցոյց տայ իր դժգոհութիւնն ու անհամաձայնութիւնը այն ամէնուն, որ կը պարտադրուի մեզ։ Ի հարկէ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար եւ մէկ ցոյցով բոլոր հարցերը չեն լուծուիր, բայց ասիկա նոր սկիզբ մըն է, որ, կը կարծեմ, կարեւոր է», ըսաւ գործիչը։

Մարգարեանի խօսքով, Ատրպէյճան սովորութիւն դարձուցած է ամէն բանակցութիւններու նախօրեակին լարուածութեան ստեղծումը սահմանի վրայ՝ ատիկա օգտագործելով որպէս ճնշման միջոց։ «Քանիերորդ անգամն է նոյն բեմագրութիւնը կը կրկնուի։ Ատրպէյճան նաեւ պարզ իրողութիւն մը հաստատած է. քանի մենք ընտրած ենք զիջման քաղաքականութիւնը, ուրեմն ինք ուժով, տագնապ հրահրելով կրնայ իր հարցերը լուծել։ Մինչեւ անոր մէկ տեղը չցաւցնենք, այս ընթացքը պիտի շարունակուի», յայտնած է Հրանդ Մարգարեան՝ ընդգծելով, որ իշխանութեան որեւէ զիջողական համաձայնութիւն պիտի չընդունին։

«Ոչ միայն պիտի չնահանջենք, այլեւ պիտի կրկնենք, որ ինչ ալ համաձայնիք, անարժէք է, որովհետեւ մենք մեր դատէն պիտի չհրաժարինք, մենք չենք նահանջեր, իսկ Ատրպէյճան լաւ օր չի տեսներ։ Ատրպէյճան անընդհատ կը պարտաւորուի մեծ գին վճարել։ Սա այն խաղաղութիւնը չէ. սա ոչ մեզ պէտք է, ոչ իրենց, որովհետեւ խաղաղութիւնը պէտք է արդարութեան հիմքի վրայ ստեղծուի, ոչ թէ պարտադրանքի։ Կ՚ուզենք ըսել, որ հայ ժողովուրդը նման որեւէ համաձայնութեան, նման պայմանագրի, նման յայտարարութեան հետ հաշտ պիտի չապրի եւ պիտի ընդվզի», ըսած է գործիչը։

Անդրադառնալով Կոռնիձորի դէպքին՝ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ իրականութիւնը օրհասական է, եւ նման պայմաններու մէջ հայ ժողովուրդը ոչ մէկ բանէ կը վախնայ։

«Ես կը կարծեմ որ կու գան, որովհետեւ մեր ժողովուրդը քաջ ժողովուրդ է, այսպիսի բաներէ չի վախնար։ Մեր նպատակը խաղաղ ցոյց ընելն է, մենք չենք երթար արշաւելու, չենք երթար յարձակելու։ Մենք պէտք է կարենանք հասկցնել, որ այդ տեսակ բաներէ վախցող չենք։ Սա ոչ միայն բանակի եւ զինուորներու այլ մանաւանդ ժողովուրդի մակարդակով պէտք է ցոյց տալ։ Մենք ամէնքս եթէ պէտք է՝ զինուոր ենք, եթէ պէտք է՝ մահապարտ, բայց մեր հայրենիքը չենք զիջիր երբեք, չենք նահանջեր, չենք վախնար, չենք ընկրկիր։ Կարծեմ պահը հասած է արդէն։ Վիճակը այնպիսին է, որ եթէ մենք այս վճռականութիւնը ցոյց չտանք եւ այդ ձեւով չարտայայտուինք, շատ բան պիտի կորսնցնենք։ Ոչ զիջումով, ոչ վախով կարելի է ապրիլ. պէտք է ապրիլ պայքարելով», «Փաստինֆոյի» հետ զրոյցին յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան։