ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

– Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն Հալէպի մէջ Ահլին 80 – 73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դրացի Ճալաաը եւ ապահովեց աղիւսակի առաջնութիւնը, նախքան աւարտական քառեակի հանդիպումները: Դամասկոսի Ուահտէն եւս շարունակելով իր յաջող արդիւնքները կրցաւ յաղթել նաուաիրին:
– Սուրիոյ հաւաքականի խմբապետ Օմար Սոման նոր պայմանագիրով միացաւ Քաթարի ալ-Արապիի կազմին:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցակցութիւնը աւելի ուժեղ դառնալով Հալէպի Ահլին 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հըթինը, Իսկ Թըշրին նոյն արդիւնքով յաղթեց Մաճըտին: 1 / 1 հաւասարութեամբ աւարտեցաւ Ուահտէ – Թալիաա եւ Ճէյշ-Ճապլէ հանդիպումները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՍՏԱՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱԿԸ
Մանչեսթըր Սիթիի մարզադաշտին վրայ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած հանդիպումին աւարտին, Անգլիոյ նորընծայ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը ստացաւ Անգլիոյ ախոյեանութեան տիտղոսի բաժակը:  Նախավերջին փուլին, Մանչեսթըր Սիթին (36 խաղ) 1 / 0 արդիւնքով պարտութեան  մատնեց Լոնտոնի Չելսին եւ ապահովեց իր 88-րդ կէտը, բայց ան կրցած էր տիտղոսը նուաճել նախքան այս փուլը: Սիթիի մրցակից՝ Արսենալը այս փուլին 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Ֆորեսթին:  Նշենք որ այս հերթական երրորդ անգամն է, որ Սիթին կ’արժանանայ Անգլիոյ ախոյեանութեան ինչպէս նաեւ ան գլխաւոր թեկնածուն է Չեմփիընզ Լիկի կոչումին:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԵՒՐՕ ԼԻԿԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ԿՈՉՈՒՄԻՆ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի պասքեթի խումբը արժանացաւ Եւրօ Լիկայի ախոյեանութեան, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Յունաստանի Օլոմբիաքոսը 79 – 78 արդիւնքով: Առաջին քառորդին, յունական խումբը տիրապետեց խաղարկութեան, որ աւարտին հասաւ 24 – 17 արդիւնքով, որմէ ետք արքայական ակումբը կրցաւ կազմաւորել իր խաղարկութեան ոճը եւ իշխել արդիւնքին՝ կիսախաղը աւարտելով 45 – 45 հաւասարութեամբ: Երկրորդ կիսախաղը ընթացաւ բարձր մակարդակի խաղարկութեամբ, ուր զոյգ խումբերը փոխն ի փոխ ձեռք կը ձգէին արդիւնքը, բայց Ռէալի կազմը, շնորհիւ իր խաղացողներու փորձառութեան, կրցաւ յաղթական դուրս  գալ՝ տիրանալով Եւրօ Լիկի կոչումին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան