Կը դիմեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին՝ աշխոյժ ու վճռական կերպով ապացուցելու, որ Արցախը չի կրնար ճանչցուիլ Ատրպէյճանի մաս եւ կը շարունակէք տէր կանգնիլ հայոց միասնական հայրենիքի այս կարեւորագոյն կտորին:

Այս մասին 23 Մայիսին, հանրութեան ուղղուած իր ուղերձին մէջ ըսած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ այելցնելով, որ վերջիվերջոյ, Արցախը բոլոր հայերուն հայրենիքն է՝ իր բացառիկ նշանակութեամբ թէ՛ հայոց պետականութեան եւ թէ հայ ազգին համար:

«Հայաստանի ժողովուրդն է Հայաստանի Հանրապետութեան տէրը,եւ ինքն ալ պէտք է վճռի նման համազգային ու կարեւորագոյն նշանակութեան հարցերը», իր ուղերձով ընդգծած է Յարութիւնեան։

Դիմելով Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան՝ ԱՀ Նախագաը դիտել տուած է, որ պէտք է թօթափել հիասթափութեան, անզօրութեան ու անտարբերութեան զգացողութիւնը եւ քաղաքացիութեան երկիրներու կառավարութիւններէն ու Հայաստանի Հանրապետութենէն պահանջել գործնական քայլեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:

«Կ’ակնկալենք, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ անհատ ու կառոյց բոլոր կարելի միջոցները պիտի ձեռնարկեն աջակցելու Արցախին եւ զսպելու ատրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւնները: Սփիւռքը ունի չիւրացուած հսկայական ներուժ, որ ի զօրու է լրջագոյն յաջողութիւններ ապահովել Հայրենիքի համար ճակատագրական հարցերուն մէջ», ըսած է Ա. Յարութիւնեան: