Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Հասիչէ, ուր պատուիրակութեամբ այցելեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան։ Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Հասիչէի թաղական խորհուրդին, վարժարանի Հոգաբարձութեան, տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ ՍՕԽաչի անդամուհիներուն կողմէ: Աշակերտները սիրոյ բացագանչութիւններով եւ կանչերով բարի գալուստ մաղթեցին Սրբազան Հօր։

Սրբազան Հայրը, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի ներկայութեամբ, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ Հասիչէի թաղական խորհուրդին, Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ ՍՕԽաչի անդամուհիներուն հետ:
Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնելով մեծապէս գնահատեց Հասիչէի եկեղեցւոյ, ազգ. վարժարանին եւ միութիւններուն շուրջ համախմբուած ժողովուրդը, որոնք կառչած ըլլալով մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներուն, սիրով եւ համագործակցութեամբ Ճեզիրէի հայութեան կեանքը կը կը ծաղկեցնեն: