ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի աւարտական փուլի մրցումներուն,
 Հալէպի Ահլին 59 – 53 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Դամասկոսէն ժամանած Սաուրա խումբէն:
– Հալէպի Ահլին աւարտական քառեակի մրցումներուն համար կազմին միացուց արհեստավարժ ամերիկացի խաղացող Անթուան Ունկզը, որ նախապէս մաս կազմած է Իրաքի Նաֆըթ խումբին: 35-ամեայ խաղացողին հասակը 203 սմ. է:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԻԽԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ
Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, շարունակելով ախոյեանութեան տիրելու իր ձգտումը, հերթական 11-րդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ ձեռք ձգել Գերմանիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը: Պայերն օգտուեցաւ իր մրցակից՝ Պորիսիա Տորթմունտի ձախողութենէն, որ 2 – 2 հաւասարութեամբ աւարտեց Մայնզին հետ կատարած իր մրցախաղը։
ՕԼԻՎԸՐ ՔԱՆՆ ՈՒ ՀԱՍԱՆ ՍԱԼԻՀԱՄԻՃԸ ՀԵՌԱՑՈՒԵՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԷՆ
Kicker-ը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ ախոյեանութեան հանդիպումներու աւարտին Պայերն Միունիխի վարչակազմը պաշտօնազուրկ ըրաւ ակումբի կառավարման խորհուրդի ղեկավար Օլիվըր Քանն ու մարզական տնօրէն Հասան Սալիհամիճը: Օլիվըր Քանին պիտի փոխարինէ Եան-Քրիստիան Տրիզէնը, որ նախապէս ակումբի ելեւմտական տնօրէնն էր, իսկ Հասան Սալիհամիճը փոխարինողին անունը տակաւին յստակ չէ:
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԸ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանը անգամ մը եւս յաջողեցաւ պաշտպանել Ֆրանսայի ախոյեանութեան կոչումը: Նախավերջին մրցումին  ֆրանսացի Քրիստոֆ Գալտիէի գլխաւորած խումբը հիւրընկալեց «Ստրազպուրկ»-ը եւ հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 1 – 1 հաւասարութեամբ: Փարիզեան խումբին  կոլը նշանակեց արժանթինցի յարձակող Լիոնէլ Մեսսին, որուն կոլային փոխանցումը կատարեց ֆրանսացի Քիլիան Էմպափփէն։ ՓՍԺ-ն 85 կէտով ապահովեց 11-րդ ախոյեանական տիտղոսը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան