ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին, Տէր Զօրի Ֆթուէ ակումբը 32 տարի ետք յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ Սուրիոյ ախոյեանութեան: Ախոյեանին անունը յստակացաւ վերջին փուլին։ Հալէպի Ահլին հըսկայ մրցակցութիւն մը ունեցաւ եւ ընդհանուր աղիւսակին վրայ ետ մնաց Ֆթուէյի կազմէն՝ միայն մէկ կէտով:  Յիշենք, որ Ֆթուէն 1989-1990 եւ 1990-1991 տարեշրջաններուն տիրացած է Սուրիոյ ախոյեանութեան:
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան առաջին փուլը աւարտելէն ետք, Հալէպի Ահլին, Համայի Նաուաիրը, Դամասկոսի Ուահտէ եւ Ճէյշ խումբերը հասան աւարտական քառեակ, իսկ Հըթթին եւ Ուասպէ խումբերը փոխանցուեցան Բ. դասակարգ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՔԱՐԻՄ ՊԵՆԶԵՄԱ ՀԵՌԱՑԱՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԷՆ
Երկար տարիներ ետք, Ֆրանսայի հաւաքականի եւ Ռէալ Մատրիտի յարձակողական խաղացող Քարիմ Պենզեմա պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ այս տարեշրջանը սպանական խումբին հետ վերջինն է իրեն համար, եւ զոյգ կողմերը պիտի չերկարաձգեն իրենց միջեւ եղած պայմանագիրը: Պենզեմա մաս կազմեց Ռէալ Մատրիտին 2009-ին, երբ 21 տարեկան էր: 14 տարի շարունակ ան արքայական խումբին հետ արժանացաւ 25 տիտղոսներու։ Պենզեմա Ռէալին հետ տիրացաւ Չեմփիընզ Լիկի 5 մրցանակի,  համաշխարհային ակումբներու  հինգ առաջնութեան, Եւրոպայի չորս Սուփըր գաւաթի, Սպանիոյ չորս ախոյեանութեան, Սպանիոյ երեք բաժակի եւ չորս Սուփըր գաւաթի:  Իր մաս կազմած 647 մրցումներուն ան նշանակած է 353 կոլ եւ կը գրաւէ ակումբի պատմութեան հինգերորդ դիրքը, որպէս լաւագոյն ռմբարկու:
Աւելցնենք, որ սպանական մամուլը գրած էր, որ Պենզեմա պիտի տեղափոխուի  Սէուտական  Արաբիոյ «Ալ-Իթթիհատ» ակումբ  եւ պիտի ստորագրէ  երկու տարուան պայմանագիր, որով պիտի ստանայ տարեկան 100 միլիոն եւրօ:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ
Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ  տեղի ունեցաւ Անգլիոյ գաւաթի աւարտական մրցումը, ուր 7-րդ անգամ ըլլալով Մանչեսթըր Սիթին յաջողեցաւ նուաճել ախոյեանութիւնը, 2-1 արդիւնքով՝ պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակից Մանչեսթըր Իւնայթըտը:
52 տարեկան մասնագէտ մարզիչ Խուսէ Կուարտիոլայի գլխաւորութեամբ Սիթին կրցաւ ձեռք ձգել իր հինգերորդ տիտղոսը: 10 Յունիսին ան թեկնածու է նաեւ տիրանալու Չէմփիընզ լիկի բաժակին, ուր իր մրցակիցը պիտի դառնայ Իտալիոյ Ինթըր Միլանը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան