Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց պաշտօնական այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահի կրօնական հարցերու գրասենեակի գործավար Այա Ալլա Ապու ալ-Քասիմին, Հալէպի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Նաուապ Նուրին եւ հիւպատոսութեան մշակութային պատասխանատու Հաճ Սապէր Ռամին։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան։

Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիացի եւ պարսիկ ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սերտ յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն միջեւ պատմութեան խորերէն եկող պինդ յարաբերութեան։
Այցելուները անդրադարձան
Իսլամ-քրիստոնեայ կրօնքներու եղբայրական կենակցութեան, յատկապէս սուրիական հայրենիքէն ներս։
Կողմերը հաստատեցին, թէ ներկայիս տիրող դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց երկու կրօնքները կը ձգտին համագործակցութեամբ մարդկութեան բարոյական արժէքները պահպանելու եւ ժողովուրդին քաջալեր հանդիսանալու։
Այցելուները Սրբազան Հօր յուշանուէր մը նուիրեցին այս առիթով։

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ Թեմի ժողովուրդին ու ժողովականութեան անունով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոնց։