Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր քարոզին մէջ անդրադարձած է ազգային եւ պետական շահերուն: Անոր խօսքին համաձայն, ազգային եւ պետական շահերը իրար հակադրելը ազգային, քաղաքական հերետիկոսութիւն է:

«Այսօր մենք պէտք է անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազգային շահեր ու պետական շահեր իրարմէ անջատելը: Նման մօտեցում խոտոր կը համեմատի մեր ժողովուրդի պատմութեան, մեր ժողովուրդի ինքնահասկացողութեան:

Ազգային շահեր եւ պետական շահեր իրարու հակադրելը ազգային, քաղաքական հերետիկոսութիւն է», ըսած է Արամ Ա.: