10 Յունիս 2023-ին կը զուգադիպի Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Ռաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան 7-րդ տարելիցը։

Պչաքճեան ՀՅԴ գաղափարաբանութեան ու գործին հանդէպ հաւատքը դրսեւորեց կենդանի գործով, ծառայութեամբ, նոյնիսկ իր կեանքին գնով։

Ընկեր Ռաֆֆին որպէս հայաշատ թաղերու հսկողութեան եւ պաշտպանութեան ղեկավար աչքի կը զարնէր իր լռակեաց, լուսարձակներէ հեռու աշխատանքով, կարգապահութեան, գործի լրջութեան ու պատասխանատուութեան հանդէպ խստապահանջութեամբ, միեւնոյն ատեն ընկերասիրութեամբ։

Իր կեանքը համակ նուիրում էր իր կազմակերպութեան, սուրիահայ համայնքին ու սուրիական հայրենիքին։

Ան կը հաւատար, որ այդ ծանր օրերուն դիրքերու վրայ պէտք էր մնալ պաշտպանելու համար մեր կառոյցները, բնակարաններն ու հարազատները: Դիրքերու վրայ պէտք էր մնալ պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդը: Եւ վերջապէս դիրքերու վրայ պէտք էր մնալ պաշտպանելու համար հայութեան արժանապատուութիւնը:

Իր սեփական ընտանիքին նման, անոր չափ ու աւելի կը գուրգուրար դաշնակցական իր մեծ ընտանիքին վրայ։
Պատերազմի ծանրագոյն օրերուն, հայաշատ թաղերուն գիշեր-ցերեկ որպէս արթուն պահակ հսկելով մէկտեղ, տոկուն ու գաղափարական անշեղ համոզումներով երիտասարդ խիզախ սերունդ մը ամբողջ դաստիարակեց ընկեր Ռաֆֆին՝ իր ծառայութեան ու քաջութեան օրինակով։

Նահատակուեցաւ 10 Յունիս 2016-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կառոյցին մէջ, իր պատասխանատու աշխատանքին ընթացքին։
Նահատակուեցաւ Հալէպի ազատագրումէն ամիսներ առաջ։ Դժբախտաբար չտեսաւ Հալէպը ազատագրուած, սակայն հաւատաց այդ օրուան գալուստին ու անպարտ զինուորի նման մնաց իր առաքելութեան վրայ մինչեւ վերջ։

Նահատակ ընկեր Ռաֆֆին ֆիզիքապէս հեռացաւ մեզմէ, բայց սերունդ մը ամբողջ պատրաստեց նոյն գաղափարական հաւատարմութեամբ, որպէսզի գործը շարունակուի։

Ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան վայրը զետեղուեցաւ իր դիմաքանդակը, իսկ Նոր Գիւղի երիտասարդական նորակառոյց կեդրոնը կոչուեցաւ «Ռաֆֆի Պչաքճեան» երիտասարդական կեդրոն, որպէս խորհրդանիշ ու յուշարար Պչաքճեան դաշնակցական տիպարին։:

Իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած մեր տղաքը, ու մանաւանդ մեր ժողովուրդը, կը գիտակցին մեր պատմութեան այդ ճակատագրական փուլին ընկ. Ռաֆֆիի հայաշատ թաղերու, միեւնոյն ատեն սուրիական հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած ուժեղ բազուկին, կազմակերպ աշխատանքին ու ներշնչող խիզախութեան:

Յարգանք ընկ. Ռաֆֆի Պչաքճեանի անմեռ յիշատակին։

«Գանձասար»