ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Հալէպի ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբէն երեք խաղացողներ՝ Լիլիթ Սարգիսեան, Աննա Մարիա Տէր Պօղոսեան եւ Միրելլա Չափարեան, հրաւիրուեցան Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U16-ի հաւաքական, որուն ուսումնամարզական հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Դամասկոսի մէջ:
– Սուրիոյ պասքեթի հանրապետական բաժակի աւարտական մրցումին, Ճէյշի խումբը 53 – 39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նաուաիրը եւ տիրացաւ բաժակին։ Յիշենք, որ այս 7-րդ անգամն է որ Ճէյշը կը տիրանայ ախոյեանութեան, իսկ Նաուաիրը առաջին անգամն է որ կը հասնի աւարտական մրցումին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ ԴԱՐՁԱՒ
Թուրքիոյ մէջ կայացած եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի մրցաշարքի աւարտական մրցումին Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթին դարձաւ 2022-2023 մրցաշրջանի գաւաթակիր՝ պարտութեան մատնելով Իտալիոյ Ինթըր Միլանը: Հանդիպումի 36-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ Քեվին Տէ Պրոյնէն, զինք փոխարինեց Ֆիլ Ֆոտէնը: Երկրորդ  կիսախաղին Անգլիական ակումբը կրցաւ տիրապետել խաղարկութեան եւ 68-րդ վայրկեանին անգլիական ակումբը նշանակեց  այս խաղի միակ կոլը՝ Ռոտրիի միջոցաւ: Ինթըրի խաղացողները այլ առիթներով հասան մրցակիցին դարպասին, բայց դարպասապահը անոնց գնդակները հեռացուց: Հանդիպման վերջին 10 վայրկեաններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Ինթըրի հայ մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան, որ բաւական աշխոյժ կերպով ներկայացաւ, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Նշենք, թէ Սիթին առաջին անգամ ըլլալով  դարձաւ Չեմփիընզ Լիկի ախոյեան։ Կազմը նախապէս 2021-ին հասած էր աւարտական փուլ, ուր պարտութեան մատնուելով զրկուած էր կոչումէն:
ՆՈՎԱՔ ՃՈՔՈՎԻՉ ՌՈԼԱՆ ՔԱՐՈՍԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ
Իր կեանքի պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով սերպ խաղացող Նովաք Ճոքովիչ դարձաւ Ռոլան Քարոսի բաժակակիր, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով նորվեկացի խաղացող Գասպըր Ռոտին: Հանդիպումը ընթացաւ երեք ժամ տասներեք վայրկեան տեւողութեամբ եւ աւարտեցաւ      6 – 7  /  6 – 3 / 7 – 5 արդիւնքով: Այսպիսով, Նովաք կրցաւ արձանագրել նոր թուանիշ մը՝ դառնալով Կրանտ Սլամի բարձրագոյն տիտղոսի արժանացող մարզիկը՝ 23 ախոյեանութիւններով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան