Դուն գիտես արդէն
կորսնցուցած ես
ռազմերդ կրկին,
մի տասաներորդ
պահուն շարժելու,
բան մը փրկելու
հին բնազդդ իսկ
խամրած է կարծես,
թշնամիներդ քու արիւնարբու,
իբրեւ գորշ գայլեր
կամ բորենիներ,
կը պատրաստուին
մէկ նոր գրոհի:

Քանի հեռացանք
Արածանիի
մեզ մաքրազտող
արդար ջուրերէն՝
հողի, լեռներու
կանչը սարսռալի
հոս ընդհանրապէս
խուլ ակաջներու
դեռ կը հանդիպի …

Իսկ որդիներդ՝
հարազատ, երդուեալ,
հաւատքով խորունկ, անտեղիտալի,
անդուլ կը սպասեն
նոր լուսաբացի բոցաշունչ շունչին,
ցնցող զարթնումին արեգակնային,
դուրս գալու համար
երկար գիշերէն մղձաւանջային:

Յարութիւն Պէրպէրեան