Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Երուսաղէմի պատրիարքութեան Սուրիոյ մէջ գտնուող կալուածներու վերահսկողութեան փոխանորդ ներկայացուցիչ եւ «Կիլիկիա» գրատան- հրատարակչատան տնօրէն սեփականատէր Մաթիկ Էպլիղաթեանի։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին հետ առնչուող հարցեր։ Պարոն Էպլիղաթեան Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին կողմէ նուէր գումար փոխանցեց Սրբազան Հօր։

Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ յաջողութիւն մաղթեց պարոն Էպլիղաթեանին։