ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի 23-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 22 լիազօր ներկայացուցիչներ եւ 13 խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներ: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութիւնը, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի ու խմբապետութեան, Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու, Շրջ. Վարչութեան յանձնախումբերու, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչները։

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ եւ Արցախի ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն, յատկապէս հրամանատար Ռաֆֆի Պչաքճեանին, որուն նահատակութեան յիշատակի օրն է այսօր, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական հին եւ նոր ննջեցեալներուն։ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տէրվիշեան բացման խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց Ժողովի մասնակիցներուն եւ հեզասահ ընթացք՝ ներկայացուցչական ժողովին։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կեդր. Վարչութեան եւ պատկան մարմինին, որոնք նեցուկ կանգնեցան Շրջ. Վարչութեան աշխատանքներուն։

Ժողովին ընթերցուեցան մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ամփոփ տեղեկագիրները, ապա Շրջ. Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը։
Ժողովը քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անցնող երկու տարիներու գործունէութիւնը եւ յոյժ գնահատելի որակումով արժեւորեց զայն։

Յատուկ օրակարգով ժողովը վաւերացուց ՀՄԸՄ-ի եւ սկաուտական Սուրիոյ շրջանի ներքին ծրագիր-կանոնագիրի առաջարկուած բարեփոխումները։

Ընթերցուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ամփոփ տեղեկագիրը։
Առաջարկներ ներկայացուեցան յառաջիկայ Շրջ. Վարչութեան եւ պատգամաւորական 13-րդ ժողովին։

Ժողովին այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան: Ան հեզասահ ընթացք մաղթեց ժողովին եւ ուժ, կորով եւ ծով համբերութիւն՝ ժողովականներուն, որպէսզի ձեռք ձեռքի տալով կարողանանք մեր ազգին եւ ժողովուրդին ազգային, եկեղեցական, մարզական եւ մշակութային գործունէութեան նաւը դիավարել եւ հասնիլ բարւօք լուծումներու։

Սրբազան Հայրը գնահատեց շրջանաւարտ Շրջ. Վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջ. վարչութեան։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով խօսք արտասանեց, գնահատելով շրջանաւարտ Շրջ. Վարչութեան աշխատանքը եւ արժեւորելով անոնց երկու տարիներու գործունէութիւնը։
Ան գնահատեց Սուրիոյ շրջանի հինգ մասնաճիւղերուն, Տէրիքի սկաուտական կորիզին եւ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ գործակցաբար յառաջ տանին Միութեան առաքելութիւնը։

Աւարտին, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան խօսք առնելով գնահատեց ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնելով մաղթեց, որ նորընտիր Շրջ. Վարչութիւնը նոր ձգտումներով եւ տեսլականով շարունակէ Միութեան առաքելութիւնը։

Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեայ նստաշրջանի նոր Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ պատկերով.-
Յարութ Օգճեան
Յովիկ Սիւլահեան
Կարօ Մահսէրէճեան
Կարօ Ապաճեան
Աբիկ Խաչոյեան
Նայիրի Ազարիկեան
Անի Մինասեան
Յարութ Գաբրիէլեան (Լաթաքիա)
Յակոբ Հանէշեան (Քեսապ)
Միհրան Տիգրանեան (Գամիշլի)
Պօղոս Խաճարեան (Դամասկոս)

Այնուհետեւ, ընտրութիւն կատարուեցաւ Սուրիոյ շրջանի պատգամաւորներու եւ փոխ պատգամաւորներու, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն պատգամաւորական 13-րդ ժողովին, Հայաստանի մէջ։
Ժողովը փակուեցաւ միութեան քայլերգով։