«Ինչպէս ամէն սկիզբ վերջ մը ունի եւ ամէն պատմութիւն իր աւարտը՝ մեր անհոգ խաղերով , ուրախ պահերով լեցուն մանկապարտէզի երեք տարիներն ալ վերջ գտան»:
Այսպէս փակուեցաւ Ազգ. Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը նիւթ ունենալով մեծ վարպետ՝ Աւետիք իսահակեանի «Ամենապիտանի Բանը» հեքիաթը:
Կիրակի 4 Յունիս 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին Գ. Եսայեան սրահէն ներս 46 շրջանաւարտներ անմոռանալի պահեր պարգեւեցին, ուրախութեամբ եւ հրճուանքով լեցնելով իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն սրտերը: Զոյգ քայլերգներով սկսաւ տօնական հանդէսը, ապա վայրկեան մը յոտնկայս յայտարարուեցաւ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու բոլոր ժամանակներու հայ եւ արաբ անմահ զոհերու յիշատակին: Հայերէն բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի Տիկ. Նուշիկ Օհանեան-Չագրեան, ներկայացնելով հանդէսի նիւթը, ապա շեշտեց, որ իր երկար աշխատանքի եւ ծառայութեան աւարտը հասած է, շնորհակալութիւն յայտնելով իւրաքանչիւր անհատի, որ թեւ ու թիկունք կանգնած էր իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու։ Ապա ան հրաւիրեց ներկաները որ իրենց սրտի խորերէն բանան պզտիկ պատուհան մը վերյիշելու մանկութեան օրերը, հրճուելու եւ բաժնեկցելու շրջանաւարտներուն ուրախութիւնը:
Արաբերէն բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ ծաղիկ դասարանի արաբերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Տիկ. Հելէն Պապեան Եագուպեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին, որուն հովանիին ներքեւ կրցանք խաղաղութեամբ աւարտել տարեշրջան մը եւս: Տիկ. Հելէն անդրադարձաւ գիտելիքի անհրաժեշտութեան եւ որպէս թարգման շրջանաւարտներուն աւելցուց, թէ մեր ձագուկները  որպէս սուրիահայեր  հաւատարիմ մնալով սուրիական հայրենիքին կը խոստանան լոյսի գիտելիքով քալել ու երկիրը զարգացնել:
Հանդէսը ընթացք առաւ շքեղ պալատական զարդարանքով ու ներկայացումով, հերթականօրէն ներկայացուեցաւ նիւթը՝ հացի եւ հողի կարեւորութիւնը: Ձագուկները իրենց գեղեցիկ խօսքերով, պատկերներով եւ երաժշտութեամբ պարեցին, ցատկեցին անմեղունակ շարժուձեւերով ներկաներուն հոգիները լեցուցին բերկրութեամբ, իսկ ծնողներուն աչքերը կը փայլէին հրճուանքով եւ հպարտութեամբ՝ ի տես ներկայացուած աշխատանքին: Իսկ որպէս վերջաբան փոքրիկները հանդիսատեսին փոխանցեցին գիրքի կարեւորութիւնը՝ թէ գիտելիքներով զինուած մարդը կրնայ յաղթահարել ամէն տեսակի վախ։ Ապա գեղեցիկ պատկերներով եւ ճոխ երգերով անոնք ներկայացուցին հինգ երգ, պարզուեցան Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները՝ որոնք արժանացան հանդիսատեսի բուռն ծափողջիւններուն:
Հասած էր ժամը վկայականաց բաշխման բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, որուն ձեռամբ մեր ձագուկները ստացան իրենց երեք տարուան աշխատանքին պտուղը:
Վկայականաց բաշխումէն ետք Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Վաչէ Ճուհարեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան հանգստեան կոչուած երկար տարիներու վաստակաշատ դաստիարակ Տիկ. Թալին Նալչաճեան-Նալպանտեան եւ Մանկապարտէզիս տնօրէնուհի Տիկ. Նուշիկ Օհանեան-Չագրեան առ ի գնահատանք Ազգ. Մանկապարտէզի տնօրէնութեան պաշտօնի վեց տարիներու հաւատարիմ ծառայութեան համար:
Սրբազան հայրը յոյժ գնահատեց Մանկապարտէզի անձնակազմը եւ իրենց տարած հոգատար եւ բծախադիր  աշխատանքը: Ան  ըսաւ, որ իսկապէս այսօրուան հանդէսը մեծ խորհուրդ մը ունէր իր մէջ, մեր փոքրիկները կարծես թէ մեզ հրաւիրեցին ինքնաքննութեան եւ ինքնագիտակցութեան, այսօր կարծես մենք աշակերտ էինք, իսկ իրենք՝ դաստիարակներ, որոնք շատ կարեւոր բան մը փոխանցեցին մեզի գիտութեան, իմաստութեան եւ իմացականութեան լոյսը: Իմաստութիւնը Աստուածատուր պարգեւ մըն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի բայց յաճախ կ’անգիտանանք: Ներկայացումը աշխարհիկ գիտութեան մասին չէր, որը կը հպարտացնէ մարդս, այլ Քրիստոսի լոյսի մասին էր։ Անոնք որոնք լեցուն են այդ լոյսով պիտի ապրին յաջող եւ Աստուածահաճոյ կեանք մը: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց փոքրիկ շրջանաւարտները եւ անոնց ծնողները, մաղթելով որ այս վկայականը սկիզբը ըլլայ բազմաթիւ այլ վկայականներու, որովհետեւ այս փոքրիկներուն ապագայի յաջողութիւնը կապուած է մեր հայ ազգի, ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ ուրախութեան, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց իր օրհնութիւնը:
Աւարտին հնչեց Ազգ. Մանկապարտէզի երգը։ Պահը յուզիչ, հպարտացուցիչ եւ զգացական էր, երբ շրջանաւարտ փոքրիկները երգեցին, իսկ  ծնողները յուզմունքով եւ խանդավառութեամբ մասնակցեցան երգին:
Նուշիկ Օհանեան-Չագրեան