«Արմէնփրէս»._Եւրոպական խորհրդարանը լիագումար նիստին կը նախատեսէ քննարկել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները եւ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի ու Լաչինի միջանցքին մէջ։ 13 Յունիսի նիստին նախատեսուած են քննարկումներ՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները եւ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ» նիւթով, պիտի ուղղուին հարցումներ՝ Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոմիութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին: Ատրպէյճան ապօրինի կերպով անցակէտ տեղադրած է Լաչինի միջանցքի Հաքարի կամուրջին վրայ։ Հայաստանի եւ Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնները յայտարարած են, որ Ատրպէյճանի այդ քայլը 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան խախտում է։